ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունուար 29ին, 21ամեայ պաղեստինցի մը Իսրայէլի Իյլաթ քաղաքին մէջ անձնասպանական արարքի մը դիմելով իր հետ սպաննեց երեք իսրայէլացիներ: Յարձակումը իր տեսակին մէջ առաջինն էր վերջին ինը ամիսներուն ընթացքին:
Ըստ Իսրայէլի ոստիկանութեան, անձնասպանական արարքին դիմած պաղեստինցին Կազա մուտք գործած էր Եգիպտոսէն եւ հոնկէ Իսրայէլ ներթափանցած էր:
Միւս կողմէ, միջպաղեստինեան բախումները շարունակուեցան Կազայի մէջ, յաջորդական հինգերորդ օրը ըլլալով, հակառակ կացութիւնը զսպելու նպատակով Սէուտական Արաբիոյ միջնորդական փորձերուն:
«Ֆաթհ»ի եւ «Համաս»ի զինեալներուն միջեւ բախումներուն նորագոյն ալիքը ծայր առած էր Հինգշաբթի գիշեր, երբ «Համաս»ի անդամ մը սպաննուած էր: Բախումները ցարդ 33 զոհ խլած են: