ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ’ողջունէ Ուքրանիոյ մէջ 1932-1933ին տեղի ունեցած սով-ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհող Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին բանաձեւը, ուր նաեւ իրաւունք կը տրուի Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն, որ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ այդ ոճիրին զոհերուն յուշարձան մը կառուցեն, պետական հողաշերտի մը վրայ:
Ներկայացուցիչներու տունը արդէն իսկ անցեալ տարի նման բանաձեւ մը վաւերացուցած էր, ուր շեշտուած էր, թէ 1932-1933 տարիներուն 7-10 միլիոն ուքրանացիներ դիտումնաւոր կերպով գործադրուած ծրագրի մը զոհ երթալով սովամահ եղած էին: Հոն նաեւ կը նշուի, թէ նման ոճիրներու կրկնութեանց առաջքը առնելու աշխատանքները կը սկսին անցեալի ոճիրներու յիշատակումով: