ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մինսքի խումբի երեք համանախագահները Երկուշաբթի օր միացեալ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, թէ գոհ են ու քաջալերուած՝ Երեւանի ու Պաքուի մէջ իրենց ունեցած վերջին շփումներէն, աւելցնելով, որ խաղաղութեան գործընթացը սկսած է յառաջ երթալ, հակառակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուող ընտրական գործընթացին:
Անոնք ըսին, թէ հայ եւ ազերի նախագահները «շինիչ մօտեցում» կը ցուցաբերեն՝ «վերջնականացնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հիմնական սկզբունքները»:
«Նախագահները իրենց սեփական երկիրներու շահերը կորովի կերպով կը պաշտպանեն այնպիսի ձեւով մը, որ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ կ’երթայ», ըսին համանախագահները եւ աւելցուցին, թէ իրենք կողմերէն կը պահանջեն «պահպանել բանակցութիւններուն մէջ ստեղծուած այս թափը եւ իրենց ժողովուրդները պատրաստել անհրաժեշտ զիջումներուն»:
Նշենք, որ ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յստակացուցած էր, թէ համաձայնութիւն մը չի նախատեսեր ԱԺի ընտրութիւններէն առաջ:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ երբեք համաձայն պիտի չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան կամ Հայաստանի միացումին: Ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, Ալիեւ ըսաւ, թէ ինք պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տալու «Ատրպէյճանի կազմէն ներս ինքնավարութեան ամենաբարձր աստիճանը»: