ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, »Ա-Ինֆօ«.- Վրաստանի խորհրդարանի Ծալկայի շրջանէն ընտրուած մեծամասնական պատգամաւոր Հայկ Մելտոնեան կը պատրաստուի բողոք ներկայացնել Վրաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով: Պատգամաւորի բողոքի պատճառը շրջանի ընտրողներու ցուցակի բացայայտ կեղծումն է:
Նշենք, որ Ծալկայի շրջանային ընտրական յանձնաժողովի կազմած ցուցակով ընտրողներու թիւը արհեստականօրէն բարձրացուած է, իսկ հայ ընտրողներու թիւը նուազած: