ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 29ին Հայաստանի առաջին տիկին Պելլա Քոչարեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Նորքի տարեցներու տուն՝ շնորհաւորելու հոն բնակող տարեցներու Ամանորը:
«Վաղուց աւանդոյթ է դարձել Ամանորի շեմին իմ այստեղ գալը: Կարծես իմ կեանքում մի բան կը պակասի, եթէ այս օրերին այստեղ չգամ», շնորհաւորելով տարեցները ըսաւ տիկին Քոչարեան եւ աւելցուց, որ «ուրախ է, որ նրանց տեսնում է առողջ, ուրախ, իրենց սիրող մարդկանց շրջապատում»:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեանի խօսքով, հոն պատսպարուածները այն մարդիկն են, որոնք իրենց աշխատանքով կառուցած են երկիրը: «Այսօր էլ դուք մեր կարիքն ունէք, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ անենք ձեր անհոգ ծերութիւնն ապահովելու համար», անոնց դիմելով՝ ըսաւ նախարարը:
Տարեցներու համար կազմակերպուած տօնական հանդիսութեան ընթացքին անակնկալներ պատրաստուած էին լաւագոյն պարողի, երգիչի եւ ասմունքողի համար: Անոնց նուէրներ բաժնուեցան Պ. Քոչարեանի եւ շարք մը բարերարներու կողմէ:
Նշենք, որ Նորքի տարեցներու տունը ունի 220 բնակիչ: