ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Հոկտեմբեր 9ին Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Հայ-գերմանական գործարար համաժողով: Ըստ Զարգացման հայկական գործակալութեան տեղեկատուութեան, համաժողովին պիտի մասնակցին Գերմանիոյ տնտեսական նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու գլխաւորած գործարար պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, որոնք կը ներկայացնեն Գերմանիոյ 17 ընկերութիւններ եւ կազմակերպութիւններ՝ DEG Գերմանիոյ ներդրումներու եւ զարգացման գործակալութիւնը, »Alcatel Deutschland GmbH«, »AREVA Energietechnik, Siemens AG«, »Multitrade Commerz GmbH«, ABB AG ընկերութիւնները, Ճարտարագէտներու միութիւնը եւ այլ կազմակերպութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.