ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 30ի դրութեամբ, հատուցում ստացած են նախկին Խ. Միութեան Խնայողութեան դրամատան մէջ մինչեւ 1993ի Յունիս 10 հաշիւ ունեցող շուրջ 3000 քաղաքացիներ: Այս մասին նշեց աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պաշտօնատարներէն Աստղիկ Մինասեան եւ յայտնեց, որ Դեկտեմբերին 200 միլիոն դրամ պիտի վճարուի 1300-1700 աւանդատուներու, իբրեւ հատուցում:
Ըստ նախարար Աղուան Վարդանեանի, հատուցման ամփոփ, ինչպէս նաեւ վիճայարոյց տուեալներով, աւանդատուներու ցուցակներ կազմելու կարգով հատուցման իրաւունք ունեցող 61,680 աւանդատուներէ ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած է 59,650ը:
Նշենք, որ 2006ի պետական ամավարկով, աւանդներու դիմաց հատուցման նպատակին նախատեսուած էր 1 միլիառ դրամ: