ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 31ին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Ֆրատքովին հետ: Յիշեցնենք, որ նախագահը Մոսկուա կը գտնուէր աշխատանքային այցելութեամբ:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի տարուան ձեռնարկներու յաջող ընթացքին վերաբերեալ՝ վստահութիւն յայտնելով, որ նոյն յաջողութիւնը կ’ունենան նաեւ տարուան եզրափակիչ ձեռնարկները, որոնք նախատեսուած են Դեկտեմբերին, Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Նախագահ Քոչարեան եւ վարչապետ Ֆրատքով անդրադարձան երկկողմանի տնտեսական գործակցութեան, ընդգծելով 2006ի ապարանքաշրջանառութեան զգալի աճը: Իբրեւ գործակցութեան յաջող օրինակ, Քոչարեան նշեց վերջերս արդիականացուած «Արմէնալ»ի գործարկումը:
Հայաստանի նախագահը եւ Ռուսիոյ վարչապետը կարեւոր նկատեցին նաեւ ներդրումային նախագիծերու գործադրութիւնը:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար, հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Իկոր Լեւիթին, որ ներկայացուց յանձնաժողովին կողմէ կատարուող աշխատանքները:
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Նոյն օրը, Մոսկուայի կեդրոնական շրջանի՝ Պրիւսովեան նրբանցքի երաժշտահաններու տան մերձակայ պուրակին մէջ, բացումը կատարուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի յուշարձանին:
Մեծ երաժշտահանի յուշարձանի բացման պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Ռուսիոյ առաջին տիկին Լիւտմիլա Փութինա, Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ առաջին տիկին՝ Պելլա Քոչարեան եւ Մոսկուայի քաղաքապետ Եուրի Լուժքով:
Պրոնզէ յուշարձանը տեղադրուած է այն տան մօտիկ, ուր ապրած եւ աշխատած է աշխարհահռչակ Արամ Խաչատուրեան: Քանդակագործ Գէորգի Ֆրանգուլեան եւ ճարտարապետ Իկոր Վոսքրեսենսքի վարպետը պատկերած են ստեղծագործական ոգեշնչման պահուն՝ շրջապատուած երաժշտական գործիքներով:
Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, տիկին Փութինա նշեց, որ «յուշարձանը խորհրդանշում է մեր ժողովուրդների բարեկամութիւնը, եւ ես վստահ եմ, որ նրա պատուանդանին միշտ կը լինեն թարմ ծաղիկներ, նոյնքան վառ ու ցայտուն, որքան որ նրա երաժշտութիւնն է»:
Արարողութեան ընթացքին նախագահ Քոչարեան իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Արամ Խաչատուրեանի կեանքը, ճակատագիրը ու ստեղծագործութիւնը «մեր ժողովուրդների ճակատագրերի միահիւսման փայլուն օրինակ է» եւ «Խաչատուրեանը հաւասարապէս սիրելի է եւ իւրային է համարւում ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Ռուսաստանում»: