ՄՈՍԿՈՒԱ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, »Ռոյթըրզ«.- Ռուսիոյ իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4ին յայտարարեցին, թէ արտաքին միջամտութիւն հարկաւոր չէ Վրաստան-Ռուսիա տագնապը լուծելու համար, աւելցնելով, թէ հարցը պիտի լուծուի Վրաստանի կողմէ կագ մը »սրբագրութիւններէ« ետք:
Եւրոպական միութիւնը Երեքշաբթի օր Ռուսիոյ կոչ ըրաւ վերջ մը դնելու Վրաստանի դէմ որդեգրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն, որպէսզի տագնապը չսրի Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի միջեւ։ »Կը յուսանք, որ Ռուսիա շատ, շատ շուտով պատժամիջոցները կը վերցնէ, որովհետեւ այս պարագային պատժամիջոցները ոչ մէկ տեղ կ՚առաջնորդեն«, ըսաւ Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան դիւանագէտ մը:
Ռուսիա օր մը առաջ խզած էր Վրաստանի հետ օդային, ծովային եւ ցամաքային կապերը իբրեւ պատասխան անցեալ շաբաթ Թիֆլիսի մէջ չորս ռուս սպաներու ձերբակալման։ Վրաստան նախանցեալ օր ազատ արձակած էր սպաները, որոնք լրտեսութեամբ ամբասանուած էին:
Մոսկուա կը պնդէ, թէ պատժամիջոցները »որոշ ժամանակ պիտի շարունակուին«։
»Ամէն ինչ կախեալ է Վրաստանի կառավարութեան ընդհանուր կեցուածքէն եւ Ռուսիոյ նկատմամբ անոր վարած արտաքին քաղաքականութենէն«, ըսաւ Քրեմլինի բանբերը։ »Կը շարունակենք յուսալ, որ Վրաստանի ղեկավարութիւնը իմաստուն պիտի գտնուի, բայց այդ իմաստութիւնը ցարդ չենք տեսած… կ՚ուզենք շինիչ եւ դրացիական վերաբերմունք«, աւելցուց ան։