ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 30ին նշուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի՝ Աբովեան փողոցի վրայ գտնուող մասնաշէնքի (ծանօթ՝ իբրեւ «Սեւ շէնք») 100ամեակը:
Յոբելեանի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին, համալսարանի փոխտնօրէն Արսէն Քարամեան նշեց, որ շէնքը 1906ին գործածուած է իբրեւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հաստատութիւն, իսկ 1920էն ետք, իբրեւ Երեւանի պետական նորաստեղծ համալսարանի պատմալեզուաբանական բաժանմունք, որ մինչ այդ, Երեւանի մէջ համապատասախան շէնքի բացակայութեան հետեւանքով, գործած է Ալեքսանդրապոլի մէջ (Գիւմրի):
Այժմ, այս մասնաշէնքին մէջ կը գործեն Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան եւ աստուածաբանական բաժանմունքները: