ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 29ին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Մինչ եւ յետոյ» խորագիրով ցուցահանդէսին՝ նուիրուած հայ մեծանուն դիմանկարիչ Յակոբ Յովնաթանեանի ծննդեան 200ամեակին: Ներակայացուած են մօտ հարիւր քսան դիմանկարներ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքով, պատկերասրահի տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեան նշեց, որ այժմ բազմաթիւ արուեստագէտներ կը քննեն դիմանկարիչի դերը հայկական դասական արուեստին մէջ եւ «ցուցահանդէսն իր առջեւ դնում է աւելի լայն խնդիր. մասնաւորապէս, վեր հանել 19րդ դարի առաջին կէսի դիմանկարի նախապատմութիւնն ու կայացումը»:
«Հայկական դիմանկարի սեռի կայացումը հնարաւոր չէր առանց Յակոբ Յովնաթանեանի եւ նրա անհատական մօտեցումն այդ սեռին դարձաւ մեր արուեստի խոշորագոյն նուաճումներից մէկը», ըսաւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գագիկ Գիւրջեան:
Նշենք նաեւ, որ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արուեստի բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ: