ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Տեղի տալով տեղացիներու բողոքներուն, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին հրահանգեց Պաղտատի մէջ շրջագայումը գրեթէ անկարելի դարձուցած ամերիկեան նոր անցարգելներուն վերացումը, որմէ ետք ամերիկացի զինուորներ հեռացան այդ անցարգելներէն:
Անցարգելներուն մէկ մասը շրջապատած էր Պաղտատի Սատր շրջանը, ուր ապաստանած են շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատրի զինեալները: Ամերիկեան ուժերը նաեւ կը կասկածին, թէ անցեալ շաբաթ առեւանգուած ամերիկացի զինուոր մը այդ շրջանին մէջ կը պահուի:
Սատր, որ ղեկավարն է «Մեհտիի բանակ»ին, եւ որուն միջնաբերդը կը նկատուի այդ շրջանը, դատապարտած էր շրջափակումը եւ սպառնացած էր «պատշաճ քայլերու» դիմելու, եթէ շրջափակումը շարունակուի:
Նոյն օրը, Պաղտատի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած պայթում մը առնուազն 15 զոհ խլեց, իսկ ամերիկեան բանակը հաղորդեց, թէ երկու ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են, այս ամսուան ընդհանուր զոհերուն թիւը 103ի հասցնելով: Յայտնենք, թէ այս թիւը ամենաբարձրն է 2005ի Յունուարէն ի վեր, երբ 107 ամերիկացիներ սպաննուած էին մէկ ամսուան ընթացքին:
Իրաքեան աղբիւրներ նաւ հաղորդեցին, թէ զինեալներ մօտաւորապէս 40 քաղաքայիններ առեւանգած են Երեքշաբթի օր Պաղտատէն հիւսիս գտնուող շրջանի մը մէջ:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր անակնկալօրէն Պաղտատ այցելած Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Սթիւըն Հէտլի հանդիպումներ ունեցաւ Մալիքիի եւ իրաքցի այլ պաշտօնատարներու հետ:
Ուաշինկթըն կտրուկ կերպով հերքեց մամուլի այն պնդումները, թէ Հէտլի Իրաք փութաց՝ դարմանելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները արատաւորող հարցեր։