ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հայկական կողմը Դեկտեմբեր 23ին Ատրպէյճանին վերադարձուց այդ օրէն 16 օր առաջ հայկական բանակին յանձնուած Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Վուսալ Մոհամէտ օղլի Կարաչաեւը, սակայն ըստ ԱՊԱ գործակալութեան Դեկտեմբեր 29ին հրապարակած լուրին, Կարաչեւի մայրը ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի իր զաւակին մասին: Ան յայտնած է, թէ վերջին տեղեկութիւնը ստացած է գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով Ատրպէյճանի պետական յանձնաժողովի աշխատանքային խումբի ղեկավարի տեղակալ Էլտար Սամէտովէն, ըստ որուն, իրենց զաւակը ուղարկուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 7ին Վուսալ Կարաչաեւ հատած էր սահմանը եւ յանձնուած էր հայկական բանակին: Ըստ Ատրպէյճանի բանակին հրապարակած յայտարարութեան, Վուսալ Կարաչեւ մոլորած է մշուշին պատճառով, մինչդեռ զինուորը իր քայլը բացատրած էր ծեծէ խուսափելու հանգամանքով: