ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի խորհրդական Սատիք Ռիքապի Չորեքշաբթի, Յունուար 3ին հաստատեց այն տեղեկութիւնները, թէ նոյն օրը պահակ մը ձերբակալուած է Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի մահապատիժը նկարելու հարցի հետապնդման ծիրէն ներս: Խորհրդականը բաւարարուեցաւ աւելցնելով, թէ ենթական կը հարցաքննուի: Այլ խորհրդական մը աւելցուց, թէ «շուտով» երկու այլ կասկածելիներ եւս պիտի ձերբակալուին:
Իրաքի կառավարութիւնը մէկ օր առաջ խոստացաւ հետաքննութիւն բանալ Սատտամի դէմ մահապատիժի գործադրութեան բջիջային հեռաձայնով նկարահանման վերաբերեալ: Նկարահանումը ցոյց կու տայ, թէ Սատտամ ներկաներուն կողմէ ծաղրանքի եւ անարգական խօսքերու թիրախ դարձած է: Նկարահանումին մէջ կը լսուի նաեւ ներկաներէն մէկուն կողմէ շիի ղեկավար սէյիտ Մոքթատա Սատրի եւ անոր սպաննուած հօր՝ Մուհամմատ Սատիք Սատրի անուններուն բարձրաձայն արտասանութիւնը: Ի հակազդեցութիւն այս կոչերուն՝ Սատտամ հեգնականօրէն կը պատասխանէ. «Ասիկա քաջութի՞ւն կը նկատէք»:
Սատտամ Հիւսէյնի հարիւրաւոր համակիրներ Պաղտատի, Թիքրիթի եւ Սամարայի մէջ անոր մահապատիժին գործադրութեան դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակեցին։ Անոնցմէ շատեր խոստացան վրէժ լուծել՝ Սատտամի մահապատիժը որակելով ամերիկեան իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած «ոճրային երկչոտ արարք»։ Սատտամի երիցագոյն դուստրը եւս մաս կազմեց Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ համախմբուած ցուցարարներուն։ «Աստուած օրհնէ՛ ձեզ, շնորհակալ եմ, որ նահատակ Սատտամը կը պատուէք», ըսաւ ան ցուցարարներուն։
Սատտամի ծննդավայրին մէջ սուգի վրաններ լարուած են, մինչ ապահովական ուժերը քաղաք մուտքը եւ ելքը արգիլելով՝ կը փորձեն զայն մեկուսացնել։
Ըստ «Պի.Պի.Սի.»ի լրագրող Փիթըր Կրէսթի՝ վարչապետ Մալիքի կը յուսար, որ մահապատիժին շնորհիւ անոր համակիրները իրենց զէնքերը պիտի յանձնեն եւ շիի մեծամասնութեան կողմէ ղեկավարուող քաղաքական գործընթացին մաս պիտի կազմեն, սակայն կը թուի, թէ այդ քայլը բաժանումի վիհը խորացուցած է։
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Իրաքի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Զալմայ Խալիլզատ վարչապետ Մալիքիի դիմած է մահապատիժին գործադրութիւնը քանի մը օր յետաձգելու համար, սակայն Մալիքի մերժած է այդ առաջարկը:
Միւս կողմէ, իրաքցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, թէ Սատտամի հետ մահուան դատապարտուած երկու ուրիշներու մահապատիժը պիտի գործադրուի այսօր (Հինգշաբթի):
Նկարին մէջ, իրաքցիներ կ’աղօթեն Սատտամի շիրիմին առջեւ: