ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Հոկտեմբեր 4ին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան ընդունեց ԼՂՀ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզան:
Հանդիպման ընթացքին ամերիկացի դիւանագէտը նշեց, որ մինչեւ այժմ զգալի աշխատանք կատարուած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման, անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ կայունութեան ամրապնդման նպատակով ԱՄՆի հնարաւոր աջակցութեան տարբերակներու մշակման ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ »Հազարամեակի մարտահրաւէրներ« հայաստանեան ծրագիրին:
Կառավարութեան ղեկավարը հիւրին հետ քննեց նաեւ ուժանիւթի ոլորտին առնչուող հարցեր:
Հանդիպման աւարտին Պրայզա յոյս յայտնեց, որ թռիչքային եղանակը կը բարելաւուի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի իր գործընկերներուն հետ կը կարողանայ այցելել նաեւ ԼՂՀ: