ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատունը Հոկտեմբեր 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի վերանկախութեան օրը նշելու նպատակով Սեպտեմբեր 29ին աւանդական դարձած հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցած է դեսպանատան մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 150 ամերիկացի պաշտօնատարներու, դեսպաններու, բարձրաստիճան դիւանագէտներու եւ զինուորականներու, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու:
Նկարին մէջ, հիւրասիրութենէն պահ մը: