ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայ խաղաղապահներու հինգերորդ հերթափոխը Իրաք պիտի մեկնի 2007ի Յունուարի կէսերուն: Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Սէյրան Շահսուվարեան եւ նշեց, թէ ամանորեայ տօներէն յետոյ կը յստականայ, թէ երբ պիտի վերադառնայ չորրորդ հերթափոխի զօրախումբը:
Հայկական միաւորը բաղկացած է 46 հոգիէ՝ երեք բժիշկ, 10 ականազերծ, 28 վարորդ, զօրախումբի հրամանատար եւ չորս սպայ:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբերին Ազգային ժողովը երկրորդ անգամ ըլլալով որոշեց մէկ տարիով եւս երկարաձգել Իրաքի մէջ հայկական խաղաղարար առաքելութիւնը: Հետեւաբար, հայկական միաւորի ներկայութիւնը Իրաքի մէջ երկարաձգուած է մինչեւ 2008 Յունուար:
Ի դէպ, 397 հայ խաղաղապահ արդէն չորս հերթափոխ առաքելութիւն կատարած է Իրաքի եւ վեց հերթափոխ՝ Քոսովոյի մէջ: