ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ԱԺի Պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովը Դեկտեմբեր 1ի նիստին որոշեց օրհներգի մասին թէ՛ կառավարութեան եւ թէ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան հեղինակած օրինագիծերը խորհրդարանի լիագումար նիստերու օրակարգին մէջ ընդգրկել:
Այս օրինագիծերու սկզբունքային տարբերութիւնը այն է, որ Հ.Յ.Դ.ի նախագիծով օրհներգ կը սահմանուի «Մեր հայրենիք»ը, իսկ կառավարութեան նախագիծի անցումային դրոյթներուն մէջ կ’ամրագրուի, որ գործող օրհներգը՝ «Մեր հայրենիք»ը ուժի մէջ է մինչեւ օրհներգի բառերը եւ երաժշտութիւնը օրէնքով սահմանելը:
«Կառավարութեան ներկայացրած նախագիծը ոտնահարում է սահմանադրութիւնը, որովհետեւ անցումային դրոյթը ամբողջութեամբ հիմնուած է բառախաղի վրայ», յայտարարեց Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Գեղամ Մանուկեան:
Յիշեցնենք, որ օրհներգը օրէնքով սահմանելը 2005ին հանրաքուէով ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջ է, որուն կատարման ժամկէտը, ըստ սահմանադրութեան անցումային դրոյթներուն, կը լրանայ Դեկտեմբեր 5ին:
Օրհներգի պաշտօնական գործածման կարգի եւ կատարման ժամանակ ներկայացուող պահանջներուն, ինչպէս նաեւ այդ պահանջներու խախտման համար պատասխանատուութեան հարցով 2 օրինագիծերը գրեթէ չեն տարբերիր: Կառավարութեան նախագիծով, կը նախատեսուի օրհներգը կատարել նաեւ գործող բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւներու մէջ՝ ուսումնական տարուան սկիզբը եւ աւարտը ազդարարելու, իսկ բոլոր դպրոցներուն մէջ՝ ամէն Երկուշաբթի դասերը սկսելէ առաջ: