ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբերի սկիզբէն ուքրանական երկաթուղիի եւ «Ուքրֆերի» լաստանաւային ընկերութեան միջեւ յառաջացած վէճի հետեւանքով, Իլիչովսքի մէջ տեղափոխման սպասող հայկական բեռներ փոխադրող շուրջ 300 վակոններու մեծ մասը Դեկտեմբեր 29ին արդէն Հայաստան հասած է:
Այս մասին տեղեկացուց «Հայկական երկաթուղի» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Էլբակ Թարփոշեան եւ նշեց, որ արդէն երկու լաստանաւ՝ 100ական վակոնով բեռնուած, տեղափոխուած է Փոթի եւ հասած է Հայաստան: Կը նախատեսուի, որ լաստանաւ կը բարձրացուին վերջին 100 վակոնները, եւ Իլիչովսքի մէջ յառաջացած կուտակումները վերջ կը գտնեն: