ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան երէկ ելոյթ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու 15րդ նիստին եւ յայտարարեց, որ անընդունելի կը գտնէ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս նոր ծրագրուող երկաթուղիի ծրագիրէն Հայաստանը դուրս պահելու մտադրութիւնը:
Օսկանեան ըսաւ, թէ քաղաքական հարցերու լուծումին համար ներդաշնակ միջավայր ստեղծելու առումով, բոլոր անդամ երկիրները ունին հասարակաց կէտեր եւ այդ կէտերը պէտք գերիշխեն գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն: Նախարարը նշեց նաեւ, որ փոխադրական օղակ ստեղծելու ճիգերուն զուգահեռ, որոշ անդամ-երկիրներ դուրս ձգելու քաղաքականութեանը դիմելը, անդամ-երկիրները շրջանցելն ու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող փոխադրական գիծերը անտեսելը անընդունելի են մէկ կազմակերպութեան անդամներու համար:
Նոյն հարցի ծիրէն ներս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ նշուած երկաթուղագիծի կառուցման ծախսերուն կէսը պիտի հոգայ Ատրպէյճանը:
Ալիեւ յայտարարեց. «Առանց Ատրպէյճանի մասնակցութեան եւ համամտութեան, ներկայիս տարածաշրջանէն ներս ոչ մէկ հարց կրնայ լուծուիլ: Մենք ոչ միայն բազմաթիւ նախագիծերու մասնակից ենք, այլեւ զանոնք նախաձեռնողները»:
Նշենք, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս ծրագրուած երկաթուղիի (որ նաեւ պիտի անցնի Ախալքալաքէն) կառուցումը պիտի սկսի յառաջիկայ Յունուարին: Անոր Կարս-Ախալքալաք բաժինը 98 քիլոմեթր է, որուն 68 քիլոմեթրը Թուրքիոյ մէջ: Նախագիծի արժէքը կը գնահատուի 400 միլիոն տոլար:
Յիշեցնենք, որ նոյն նիստի ծիրէն ներս, Մոսկուայի մէջ, Վարդան Օսկանեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին: