Ի՜նչ ցաւ, ի՜նչ վախ: Դուն ուրկէ ելա՜ր, ինչ կը կարծես կոր դուն քեզ, մեռնելէս 155 տարիներ ետք ի՜նչ փչեց խելքիդ, մատիտն ու տետրակը ձեռքիդ մէջ՝ գրե՞ս: Հա՜, Հա՜: Ո՞ւր է ձայնագրութեան մեքենադ:
Կեանքիս 48 տարիներուն ընթացքին երկու մեթր սեփական տեղ մը չունենալու «տարտ»էն մահացայ, հիմա ելեր ես երկու մեթր հողակոյտի մը մէջ կը փնտռես կոր զիս, վայ ես քու միամտութեանդ հիանամ, եթէ ես շիրիմի մը արժանի մէկը եղած ըլլայի, ողջութեանս զիս հալածողները, որոնք այստեղ են հիմա, պիտի փափաքէին աղտոտել ու թքնել Օրթագիւղի մէջ գտնուող հողակոյտիս վրայ: Կրնաս այցելել իրենց շիրիմները, որոնց թոյնը տեսանելի է առանց «էքսրէյ»ի:
Մի նայիր թափօրիս հետեւող անկեղծ ամբոխին, հալալ մարդիկ են: Նայէ այն ամիրաներուն, որոնք ուշադրութիւն մուրացողներ են: Նայէ «ազգային ջոջեր»ուն: Նայէ Նարպէյ արքեպիսկոպոսին խօսած ու հոսցուցած արցունքաբեր դամբանականին, որոնք կոկորդիլոսի արցունքներ էին: Անոնք իրենց ուրախութենէն կ’արտասուէին, որ վերջապէս հիւծած էի երիտասարդ տարիքիս: Հրապարակի վրայ իրենք թիրախ պիտի չըլլան այլեւս: Պիտի մնան անխոցելի:
Եթէ իրական էր իրենց յուզումն ու լացը, ինչո՞ւ չօգնեցին աղջկանս եւ տղուս, որոնք մահացան Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ, որպէս հիւանդ գործաւորներ: Այսպիսով անժառանգ մնաց ոչ միայն ընտանեկան սերունդս, այլ նաեւ հայ ազգին երգիծանքի սերունդը:
Հիմա անշիրիմ եմ, թափառական, շատ աւելի գրողներ կը տեսնեմ, քան քու գիտցած աշխարհին մէջ: Ինչ որ կը լսեմ, ամէն գաղութի մէջ զիս կը փնտռեն, իրաւունք ունին, եթէ ես նախկին աշխարհին մէջ ըլլայի, նախ թերթ տպելը պիտի ըլլար արագ եւ մատչելի: Գովազդներ պիտի ունենայի թերթիս մէջ, այդ գովազդը տուողին խաթրին պիտի նայէի եկամուտս ապահովելու համար, որ կը նշանակէր խելօք եւ երկար ապրիլ: «Քոմփիւթըր»ով, որ հրաշալիք է, շատ դիւրութեամբ բոլոր գաղութներուն վայրկենական կրնայի տալ երգիծական գրածներս ու… չգրածներս:
Կ’ուզե՞ս ինձմէ պատգամ մը տալ ընթերցողներուդ: Գրէ՛:
Դուք, երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, հպարտ եղէ՛ք հայութեամբ եւ վեր առէք գլուխնիդ: Զարգացէ՛ք. 150 տարի առաջ մեր կիները իրաւունք չունէին խօսելու, հայկական միութիւններու անդամակցելու: Ձեր տարիքը մօրը մտիկ ընելով, տունը մնալու տարիք չէ, տրտմելու տարիք չէ: Պայքարելու է, արական սեռի նման, աշխուժութեան տարիք է: Բացուեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք, խնդացէ՛ք, պարեցէ՛ք, երգեցէ՛ք, տնկեցէ՛ք, ուրախացէ՛ք, աշխատեցէ՛ք, ընտրեցէ՛ք եւ ձեր տարիքի բոլոր պահանջները գործադրեցէ՛ք: Խորշոմերես ժամանակը ուրիշ ազգերու բաժին տուէ՛ք, օրինակի համար՝ թուրքին:
Հիմա դուք, սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, Հայաստանի անկախութիւն ունիք, յարգը գիտցէ՛ք: Ժամանակին հայը կողոպտող քիւրտերը կողոպուտը ձգեցին՝ անկախութեան տիրանալու համար, չունեցան: Դաշնակից թուրքը պէտք է բարեհաճի, որ քիւրտերուն անկախութիւն տրուի:
Անանկ է նէ՝ գնա՛ քիչ մը շիրիմներուն մէջ պտըտէ նայիմ…: