ՌԻԿԱ, «Ռոյթըրզ».- ՆԱԹՕի ղեկավարները Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին եզրափակեցին երկօրեայ ժողով մը, որուն ընթացքին չկրցան համաձայնութեան մը հասնիլ, որովհետեւ անդամներէն ոմանք մերժեցին յաւելեալ ուժեր ուղարկել Աֆղանիստան:
Լաթվիոյ մէջ դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա եւ Սպանիա համաձայն գտնուած են օգնելու նեղ կացութեան մատնուած բրիտանական, քանատական, հոլանտական եւ ամերիկեան զօրամասերուն, որոնք երկրին հարաւային եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ բախումներ կ՚ունենան թալեպաններուն հետ: Այսուհանդերձ, այդ երկիրները մերժած են յաւելեալ ուժեր ուղարկել:
«Այս գերաստիճանը մեծ ճեղք կամ յառաջխաղացք չէ իրագործած. բոլոր անդամները միեւնոյն աստիճանի վճռակամութիւն չցուցաբերեցին», հաստատեց Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքի:
Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէր փորձեց աւելի դրական ձեւով ներկայացնել ժողովին արդիւնքը. «Թէեւ մեր բոլոր ուզածները չենք ստացած ցարդ, բայց այս ժողովը ճիշդ ուղղութեամբ նշանակալից քայլեր առաւ», ըսաւ ան:
Պլէր կ՚ակնարկէր ժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութեան, որուն մէջ ուխտի անդամ երկիրներուն ղեկավարները վստահեցուցին, թէ հաստատ կը մնան Աֆղանիստանի առնչութեամբ որդեգրուած քաղաքականութեան վրայ:
Այս տրամադրութեան ակնարկելով՝ Պլէր յայտնեց, որ բոլորը կը գիտակցին, թէ այս առաքելութիւնը ճակատագրական է ՆԱԹՕի համար:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ ժողովին ընթացքին ըսած էր, որ Աֆղանիստանի գործողութիւնը ՆԱԹՕի կարեւորագոյն զինուորական առաքելութիւնն է:
Ուխտին բարձրաստիճան սպաներ յայտնեցին, որ անդամ երկիրները խոստացած են արտօնութիւն տալ իրենց ուժերուն, որ իրենց գործունէութեանց շրջաններէն դուրս գալով՝ օգնեն այլ շրջաններու մէջ դժուարին կացութեան մատնուած դաշնակից զօրամասերուն:
Այս ծիրին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք ըսած է, թէ պիտի արտօնէ մայրաքաղաք Քապուլի եւ անոր շրջակայքը հաստատուած ֆրանսական ուժերուն այդ շրջանէն դուրս գործել: Ան նաեւ խոստացաւ յաւելեալ պատերազմական ուղղաթիռներ եւ օդանաւեր ուղարկել:
Նկարին մէջ, ՆԱԹՕի գերաստիճանէն պահ մը: