Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ.ի, Ս.Դ.Հ.Կ.ի եւ ՌԱԿի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, երէկ՝ Չորեքշաբթի, 3 Յունուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան առիթով հայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան հայկական «բարի գալուստ»ի հաւաքը: Մէկ օր առաջ, հայկական երեք կուսակցութիւններու միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, անոնց փոխանցելով լիբանանահայութեան միացեալ կեցուածքը Էրտողանի այցելութեան դէմ:
Ցոյցին մասնակիցները առաւօտեան ժամը 7էն սկսեալ սկսան ժամանել օդակայան՝ մէկը բռնած փուչիկ մը, մինչ ուրիշ մը՝ ծաղկեփունջով… Ըստ օդակայանի ճշդուած ժամանակացոյցին՝ թրքական օդանաւը պիտի ժամանէր 10:15ին: Երիտասարդներն ու ուսանողները ժամը 10ին բացայայտեցին իրենց օդակայան ներկայութեան նպատակը եւ կարգապահօրէն պատրաստուեցան «դիմաւորելու» Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը:
Լիբանանեան դրօշներով, Էրտողանի Լիբանան ներկայութիւնը մերժող ցուցատախտակներով ու «ո՛»չ ըսող շապիկներով, ցուցարարները կանգնեցան պաշտօնական հիւրերու բաժինի ճամբուն եզերքը: Ճշդուած ժամանակէն շուրջ յիսուն վայրկեան ուշացումով Լիբանան հասաւ Թուրքիոյ վարչապետը, որ պաշտօնական հիւրերու բաժինէն դուրս ելլելու փոխարէն՝ այլ ելքէ մը շտապօրէն հեռացաւ օդակայանէն:
Հարիւրաւոր երիտասարդներն ու ուսանողները Լիբանանի մէջ թրքական գործօնին ներկայութիւնը մերժող այս խաղաղ հաւաքով եկան ապացուցելու, թէ ազգային հարցերուն գծով հայութիւնը անպայմանօրէն միակամ է եւ ունի իր հատու պատասխանը:
Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին համար յստակ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական, ապահովական կամ որեւէ այլ բնոյթի գործունէութիւն ծաւալելու պարագային ան վստահօրէն կը հանդիպի լիբանանահայութեան հաւաքական մերժումին:
ՆՈՐ ՀԱՃԸՆԷՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ԵՐԿԱՐՈՂ ՄԱՅՐՈՒՂԻԻՆ ՎՐԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔ
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդականուսանողական հաւաքէն ետք՝ կէսօրուան ժամը 1ին Նոր Հաճըն թաղամասէն Պուրճ Համուտ երկարող մայրուղիին վրայ տեղի ունեցաւ Էրտողանի՝ Լիբանան այցելութիւնը մերժող ժողովրդային հաւաքը՝ դարձեալ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն:
Ցոյցին ներկայ էին հայ յարանուանութեանց պետերը, երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարարներ, հայկական զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար հայորդիներ:
Ցուցարարները լիբանանեան եւ հայկական դրօշներով ու ցուցատախտակներով հաւաքին ընթացքին արտայայտեցին իրենց կեցուածքը:
«Էրտողանի գալուստը Լիբանան ընդունելի չէ», «Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր անմարդկային ոճիրը», «Ո՛չ թրքական ներկայութեան» ու նմանօրինակ կարգախօսները շրջանէն անցնողներուն փոխանցեցին հաւաքին հիմնական պատգամը:
Իսկ հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները, պատասխանելով թղթակիցներուն հարցումներուն, բացատրեցին Թուրքիոյ միջամտութիւններուն գծով հայկական տեսակէտն ու Թուրքիոյ անմարդկային ոճիրները:
Նաեւ անցորդներուն բաժնուեցան հայ քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ստորագրութիւնը կրող կոչեր, որոնց մէջ յստակօրէն կը ներկայացուին թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բացասական անդրադարձութիւնը նշող տեղեկութիւններ եւ Լիբանանի ու հայութեան դէմ անմարդկային արարքները:
Կոչին մէջ յիշեցումի կարգով նշուած է նաեւ, որ 2000ին Լիբանանի խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է, եւ իրերայաջորդ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է յարգեն Լիբանանի խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւը:
Ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ երեկոյեան, վարչապետարանին դիմաց, ուր Էրտողանի ի պատիւ ընթրիք մը կը տրուէր Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ:
Ցոյցն ու մանաւանդ այս հարցով լիբանանահայութեան միացեալ կեցուածքը դրուատեցին հայ հոգեւոր պետերը, ինչպէս նաեւ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան յայտարարեց, թէ «թրքական զօրքին ներկայութեան խնդիրը, ինչպէս նաեւ այսօրուան քաղաքական միջամտութիւնները մենք տակաւին կը դիտենք Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրին մէջ՝ իբրեւ ինքզինք պարտադրող օրակարգ»:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ
Երեքշաբթի առաւօտուն, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ.ի կողմէ Յովիկ Մխիթարեան, ՌԱԿ.ի կողմէ Էտի Պահատրեան եւ Ս.Դ.Հ.Կ.ի կողմէ Մացակ Փոլատեան, այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտին, իսկ յետմիջօրէին՝ վարչապետ Ֆուատ Սինիորային։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները նախագահին եւ վարչապետին փոխանցեցին լիբանանահայութեան ամբողջական մերժումը՝ Թուրքիոյ կողմէ առնուող քաղաքական որեւէ նախաձեռնութեան եւ թրքական զօրամիաւորումին խաղաղարար առաքելութեան։ Նախագահին եւ վարչապետին հետ կայացած տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը գրաւած վերջին իրադարձութիւններուն կապուած զանազան հարցեր։
Հանդիպումներուն ընթացքին հայ քաղաքական կուսակցութիւններու պատուիրակութիւնը նախագահ Լահուտին եւ վարչապետ Սինիորային յանձնեց թրքական քաղաքական նախաձեռնութիւնը մերժող եւ հայկական կուսակցութիւններուն ստորագրութիւնը կրող յուշագիր մը, ուր բանաձեւուած են այն հիմնաւորումները, որոնց նկատառումով կը մերժուի թրքական քաղաքական որեւէ դերակատարութիւն եւ կամ զինուորական որեւէ խաղաղարար առաքելութիւն։
Մէկ օր առաջ, նմանօրինակ այցելութիւն տրուած էր նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի:
Աւելցնենք, որ նոյն օրը, երեք կուսակցութիւններու թերթեր՝ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ», Էրտողանի այցելութեան դէմ լիբանանահայութեան միակամութիւնը խորհրդանշող միացեալ թիւ հրապարակեցին: