ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» շարժումին եւ պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութեան համակիր ու միւս կողմէ «Համաս»ի անդամ զինեալներու միջեւ բախումները դարձեալ բռնկեցան Չորեքշաբթի, Յունուար 3ին, որոնց հետեւանքով առնուազն չորս պաղեստինցիներ սպաննուեցան: Վիրաւորուեցան 10 ուրիշներ:
Միւս կողմէ, աշխատանքները կը շարունակուին Երկուշաբթի օր առեւանգուած 50ամեայ փերուցի լրագրողին ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով:
Նկարին մէջ, փերուցի լրագրողին համար Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, մասնակիցներ անոր լուսանկարները կը պարզեն: