ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քափիթոլ Հիլի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆ, Ճորճ Ռատանովիչ, Ֆրէնք Փալոն եւ Ճօ Նոլընպըրկ միասնաբար յայտարարեցին, թէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը, որ կը վայելէ աւելի քան 150 քոնկրէսականներու զօրակցութիւնը, հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Մամլոյ ասուլիսին, նշեալ չորս քոնկրէսականներուն կողքին ներկայ էին նաեւ քոնկրէսականներ Պրատ Շըրմըն (Քալիֆորնիա) եւ Թատէուս ՄքՔաթըր (Միշիկըն), ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի աւագ անդամներէն ոմանք: Ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութեան վերապրողներէն երէցկին Սիրարփի Խոյեան եւ Ռոզ Պապոյեան:
Խօսք առնելով ասուլիսին, Փալոն ընդգծեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին կարեւորութիւնը այն իմաստով, որ անհրաժեշտ է ամբողջ աշխարհին եւ Թուրքիոյ պատգամ մը յղել:
Իր կարգին, Էտըմ Շիֆ, ակնարկելով Սիրարփի Խոյեանի եւ Ռոզ Պապոյեանի ըսաւ, թէ շատ քիչեր այսօր տակաւին կ’ապրին այն սերունդէն, որ ճողոպրեցաւ Ցեղասպանութենէն, եւ մեր բարոյական պարտականութիւնն է ճանչնալ ու յարգել անոնց կրած տառապանքը ու անոնց ընդմէջէն՝ ամբողջ ժողովուրդի մը կորուստը:
Ապա ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է դատապարտել Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը, երբ տակաւին քաջութիւնը չունինք ճանչնալու Հայկականը:
Ճօ Նոլընպըրկ դիտել տուաւ, թէ 38 նահանգեր ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը եւ ժամանակը եկած է, որ Քոնկրէսը եւս նոյն քայլը առնէ:
Ճորճ Ռատանովիչ յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ եւս կենսական է, որովհետեւ իբրեւ զարգացման ճամբուն վրայ գտնուող երկիր, պէտք է հաշտ ըլլայ իր անցեալին հետ:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարեց. «Կը գնահատենք Ցեղասպանութեան բանաձեւի հեղինակներ Շիֆի, Ռատանովիչի, Փալոնի եւ Նոլընպըրկի նախաձեռնութիւնը եւ քաջալերուած ենք, որ բանաձեւը կը վայելէ զոյգ կուսակցութիւններու պատկանող աւելի քան 150 քոնկրէսականներու զօրակցութիւնը: Քոնկրէսին համար արթնութեան կոչեր են Ցեղասպանութեան ճանաչման համար աշխատանքէ հեռացուած դեսպան Էւընզի պարագան, Հոկլընտի շուրջ ծագած խոր տարակարծութիւնները՝ իր ուրացման հետեւանքով, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը»:
Համբարեան աւելցուց ըսելով, որ ամերիկահայերը յուսալից են, որ յառաջիկայ շաբաթներուն, Քոնկրէսը կ’որդեգրէ այս օրինագիծը:
Նախորդ Քոնկրէսին ներկայացուած բանաձեւին յար եւ նման է այժմ ներկայացուածը: Նախորդի օրինական գործընթացը խափանուեցաւ նախկին խօսնակ Տենիս Հեսթըրթի կողմէ, երբ բանաձեւը, վաւերացուելէ ետք նշեալ յանձնաժողովին կողմէ, օրակարգի վրայ չդրուեցաւ եւ մնաց Հեսթըրթի գրասենեակը: