ԵՐԵՒԱՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան, «Արմէնփրէս».- Ռումանիոյ նախագահ Թրայեան Պասեսքին, աւարտելով իր երկօրեայ պաշտօնական այցը Հայաստան, երէկ, Հոկտեմբեր 5ին մեկնեցաւ Պուքրէշ: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հիւրը ճանապարհեցին փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեան, Հայաստանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Նիքուլաէ Իորտաքէն, արտաքին գործոց փոխնախարար Գեղամ Ղարիբջանեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեան, պաշտօնատար այլ անձինք:
Երէկ Ռումանիոյ նախագահը ուղեկցութեամբ փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեանին այցելեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ողջունելով նախագահին, իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու պետութիւններուն միջեւ սերտ եւ ջերմ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ՝ նշելով, որ ներկայ յարաբերութիւնները այն ջերմ կապերու շարունակութիւնն են, որոնք եղած են հայ եւ ռումանացի ժողովուրդներուն միջեւ՝ սկսած վաղ միջնադարէն:
Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ ռումանահայ համայնքին մասին եւ նշեց, որ այն աշխոյժ կեանք կը վարէ եւ կարեւոր ներդրում ունի երկրի ներքաղաքական կեանքին մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ առաքելական եւ Ռուման ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ջերմ կապերուն եւ յարաբերութիւններուն: Վեհափառը նշեց, որ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ը ռումանահայ էր:
Նախագահ Պասեսքին իր յարգանքը արտայայտեց հայ ժողովուրդի, Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ՝ կարեւորելով հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու դերը աշխարհի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման գործի մէջ. «Մենք մեծ յարգանքով ենք վերաբերւում հայ ժողովրդի պատմութեանը: Հայաստանը՝ որպէս քրիստոնեայ պետութիւն, իր տեղն ունի Եւրոպայի քրիստոնէական պետութիւնների կողքին», յայտարարեց Ռումանիոյ նախագահը:
Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը եւ բարձրաստիճան հիւրը այցելեցին վեհարանի թանգարան:
Նոյն օրը նախագահ Պասեսքին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին անոնք քննեցին Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ գործակցութեան առնչուող հարցեր:
Ռումանիոյ նախագահը այցելեց նաեւ Երեւանի պետական համալսարան, ուր արժանացաւ պատուաւոր դոկտորի կոչման եւ բուհի ոսկէ մետալին: Ան այցելեց նաեւ
Երեւանի քոնիակի գործարան: