ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր եւ արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչէք դարձեալ մատի փաթթոց ըրաւ քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածը եւ ըսաւ, որ կառավարութիւնը բնաւ չ’աճապարեր այդ յօդուածը փոփոխութեան ենթարկելու հարցին մէջ։
Ըստ նախարարին, այս յօդուածը պատճառ կը դառնայ, որ կարգ մը անձեր զայն շահագործեն համբաւի տիրանալու եւ մրցանակներ շահելու համար։ Չիչէք, առանց անուն տալու, այսպիսով կը մեղադրէր գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին տիրացած Օրհան Փամուքը եւ Իտալիոյ մէջ այլ մրցանակի մը տիրացած Էլիֆ Շաֆաքը։ «Ով որ 301ի մասին գէշ բան կը խօսի, անմիջապէս մրցանակ մը կը շահի արեւմտեան երկրէ մը», ըսաւ Չիչէք։
Նախարարը պնդեց, թէ 301րդ յօդուածը միայն Թուրքիոյ յատուկ երեւոյթ չէ, այլ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներու մէջ ասոր նմանը կամ նոյնը կայ։ «Մենք այդ օրէնքը ընդունեցինք Եւրոպայի յարմարելու մտածումով, ազատութիւնը երբեք նախատելու ազատութիւն չի կրնար ըլլալ, այս հաւասարակշռութիւնը ապահովելը ամբողջ աշխարհի դատարաններուն պարտականութիւնն է», ըսաւ Չիչէք։
Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը չի պնդեր, թէ այս յօդուածը անփոփոխելի է, բայց Թուրքիոյ մէջ այս յօդուածին վրայէն կարգ մը շրջանակներ քաղաքականութիւն խաղալ կը փորձեն։ «Մինչդեռ քաղաքականութիւնը եւ իրաւագիտութիւնը տարբեր բաներ են», եզրակացուց ան։