ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան ուժերը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին հիւսիսային Կազա ներխուժեցին, աջակցութեամբ օդուժին եւ մեծ թիւով հրասայլերու:
Պաղեստինցի զինեալներու հետ բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան հինգ պաղեստինցի զինեալներ եւ երեք քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ իսրայէլացի զինուոր մը:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս դատապարտեց իսրայէլեան ներխուժումները, մինչ վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ իսրայէլեան «սպանդ»ը դատապարտելէ ետք յոյս յայտնեց, թէ նման արարքներ վնաս չեն հասցներ Իսրայէլի հետ գերիներու փոխանակման հարցով Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:
Իր կարգին, այս շաբթուան ընթացքին Իսրայէլի կառավարութեան միացած ծայրայեղ աջակողմեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմէն յայտարարեց, թէ Իսրայէլ Կազայի հետ պէտք է վարուի այնպէս, ինչպէս Ռուսիա կը վարուի Չէչէնիոյ հետ: