ՉԵՆԱՅԻ, Հնդկաստան, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի «Կրէնտ սլէմ» մակարդակի այս տարեշրջանի առաջին մրցաշարքին՝ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին պատրաստուող արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Երեքշաբթի, Յունուար 2ին անակնկալի մը հանդիպեցաւ, Հնդկաստանի մէջ կայացող մրցաշարքի մը առաջին հանգրուանին պարտութիւն մը կրելով:
Արդարեւ, մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած Նալպանտեան դանիացի Քրիսթիան Փլէսի դէմ մրցումին առաջին սէթը 6-2 յաղթանակով աւարտելէ ետք, յաջորդ երկու սէթերուն 3-6, 5-7 արդիւնքով պարտութիւն կրեց, դուրս մնալով մրցաշարքէն:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան մրցումին աւարտին կը ձեռնուի Փլէսի հետ: