ԿՐԷՆՏ ՌԵՓԻՏԶ, Միշիկըն, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու 38րդ նախագահ Ճերըլտ Ֆորտի պետական թաղման արարողութենէն ետք, անոր դին Միշիկըն փոխադրուած էր, ուր Չորեքշաբթի, Յունուար 3ին հողին յանձնուեցաւ:
93 տարեկանին մահացած նախկին նախագահին թաղման եկեղեցական վերջին արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կրէնտ Ռեփիտզի այն եկեղեցիին մէջ, ուր ան մկրտուած եւ պսակուած էր:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օր տասնեակ հազարաւոր ամերիկացիներ իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցեցին նախագահ Ֆորտին:
Նկարին մէջ, Ֆորտի դագաղը նախագահին անուան գրադարանը կը հասնի: