ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ Պուլկարիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Քիրչօ Աթանասով Նոյեմբեր 1ին ստորագրեցին կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ 2007-2009ի գործակցութեան ծրագիր:
Ծրագիրով կը նախատեսուի տեղեկատուութեան փոխանակում եւ գործնական ծրագիրներու իրականացում: Կրթութեան ոլորտին ծրագիրը կ’ընդգրկէ միջնակարգ եւ բարձրագոյն կրթական մակարդակները եւ կը նախատեսէ ուսանողներու եւ մասնագէտներու փոխանակման ծրագիրներ: Գիտութեան ոլորտին մէջ կը նախատեսուի ուղղակի կապերու հաստատում գիտահետազօտական հաստատութիւններու միջեւ:
Ծրագիրին մէջ յատուկ տեղ յատկացուած է երկու երկիրներու համալսարաններուն մէջ պուլկարերէն եւ հայերէն լեզուներու եւ մշակութային այլ նիւթերու դասաւանդման համար: