ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան բանակը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4ին յայտարարեց, թէ Պաղտատի մէջ կատարուող ռմբահարումներուն թիւը աւելի բարձր է քան երբեք, մինչ մայրաքաղաքին վրայ հսկող ոստիկանական ընտրանի ջոկատներէն մէկուն գործունէութեան դադրեցման հրահանգ եկաւ, նկատի ունենալով, որ այդ ջոկատը կրնայ միջհամայնքային ոճիրներու մէջ մատ ունենալ…
Հազարաւոր ոստիկաններ, որոնք մաս կը կազմեն նշեալ ջոկատին, հարցաքննութեան պիտի ենթարկուին, հաղորդեցին ամերիկացի պաշտօնատարներ։