23-24 Սեպտեմբերը յիշատակելի շաբաթավերջ մը եղաւ Կլէնտէյլի պատմութեան մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած էր երկօրեայ մարզական բարեկամական մրցաշարք մը Կլէնտէյլի գաղութին համար, որ տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլ հայ սքուլի մարզադաշտերուն վրայ:
Նախաձեռնութիւնը նպատակ ունէր բարեկամութիւն ստեղծելու եւ միասնականութեան ոգին արմատաւորելու Կլէնտէյլի համայնքին մէջ: Օրինակելի այս ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորներն էին Կլէնտէյլի քաղաքապետութիւնն ու Կլէնտէյլի միացեալ վարժարաններու խորհուրդը: Հովանաւորութեան իրենց բաժինը բերին նաեւ «Կլէնտէյլ-փրէս» տեղական օրաթերթը, Charter հեռատեսիլի ընկերութիւնը, Wells Fargo դրամատունն ու XEROX ընկերութիւնը:
500է աւելի մարզիկ-մարզիկուհիներ մասնակցեցան մրցաշարքին, Կլէնտէյլի զանազան խմբակցութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, որ բաց էր 10 տարեկան եւ վեր Կլէնտէյլի բոլոր մարզիկ-մարզիկուհիներուն եւ կ’ընդգրկէր ֆութպոլի, վոլիպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, ճատրակի եւ լողի մարզաձեւերը:
Մրցումներուն առընթեր, նոյն վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ երկօրեայ փառատօն, ուր այցելող բազմահարիւր հանրութիւնը հիւրընկալուեցաւ համադամ ճաշերով, զուարճալի խաղերով, երգ ու պարով: DJ-էն անկախ, գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի ծանօթ երգիչներ Անթուան, Արշամ, Կարօ եւ Մարիա Ակոբեան. «Քնար», Mariachi եւ Salsa նուագախումբերը, ինչպէս նաեւ «Զուարթնոց» պարախումբը:
Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Glendale High School Drill Team-ը:
Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ժամը 5ին, Կլէնտէյլ հայ սքուլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքէթպոլի բարեկամական մրցում մը Կլէնտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդը ընդդէմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղին եւ Կլէնտէյլ հայ սքուլի պասքէթպոլի մարզիչներուն միջեւ, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց մարզադաշտին վրայ: Կլէնտէյլի ղեկավարութիւնը արդար յաղթանակ մը արձանագրեց, 45-37 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակից խումբը:
Երկօրեայ այս նախաձեռնութեան փակման շքեղ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլէնտէյլ հայ սքուլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, աւելի քան 600 հանդիսատեսներու ներկայութեան, որոնց կարգին էին Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Րաֆֆի Մանուկեան եւ Արա Նաճարեան, Կլէնտէյլի ոստիկանապետ Ռէնտի Էտըմս եւ Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան:
Ամերիկայի քայլերգը խմբերգեց Կլէնտէյլ հայ սքուլի երգչախումբը, իսկ դրօշակի արարողութիւնը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտական դրօշակակիրներու խումբը: Ելոյթ ունեցան Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Արմէն Աբրահամեան: Երկու բանախօսներն ալ բարձր գնահատեցին հանրային ձեռնարկին մասնակիցները եւ մաղթեցին, որ նման նախաձեռնութիւններ սովորութիւն դառնան Կլէնտէյլէն ներս, որպէսզի համայնքը զիրար ճանչնայ եւ միասնականութեամբ կատարէ իրեն վստահուած բոլոր աշխատանքները, յատկապէս կեդրոնանալով երիտասարդութեան առողջ միջավայր մը ստեղծելու հրամայականին:
Այնուհետեւ, առ ի երախտագիտութիւն, «Արարատ» մասնաճիւղը գնահատանքի յուշատախտակներ յանձնեց մրցումներուն մասնակցած բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ նախաձեռնութիւնը հովանաւորող բոլոր հաստատութիւններուն:
Հանդիսութեան վերջին բաժնով ելոյթ ունեցան Կլէնտէյլ հայ սքուլի Drill խումբը, «Արարատ»ի մարմնամարզի խումբերը, մեծապէս տպաւորելով ներկաները: Այնուհետեւ, խրախճանքը շարունակուեցաւ փառատօնի շրջափակէն ներս:
«Բարեկամական նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր են, որոնք քով-քովի բերելով Կլէնտէյլի քաղաքացիները, համերաշխօրէն իրարու հետ ուրախ ժամանակ կ’անցընեն եւ տարբեր համայնքներ Կլէնտէյլէն ներս զիրար կը ճանչնան եւ եթէ հակացեղային հարցերու նուազեցման առիթ կը հանդիսանան:
«Այս խաղերը իրենց տեսակին մէջ առաջինն են եւ շատ յաջող են: Կը գնահատեմ եւ եւ քաջալերեմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղը, որ Կլէնտէյլ համայնքի միացման առաջին այս քայլը առաւ», գոհունակութեամբ ընդգծեց Կլէնտէյլի նախկին քաղաքապետ, ներկայիս քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մանուկեան:
Ստորեւ Մրցումներուն ախոյեան հանդիսացողներ.-
ՖՈՒԹՊՈԼ.- Երեք դասակարգի 12 խումբեր մասնակցեցան:
– 10-12 տարեկան ընդգրկող դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Crescenta Valley Club-ի խումբը:
– 12-16 տարեկան ընդգրկող դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Ardenal խումբը:
– Բաց տարիքի դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղը:
ՎՈԼԻՊՈԼ.- 13 մանչերու եւ աղջիկներու խումբեր մասնակցեցան:
Մանչերու ախոյեան հանդիսացաւ «Փասատինա» խումբը, իսկ աղջիկներունը՝ Lady Panthers խումբը:
ԹԵՆԻՍ.- Ութ դասակարգերէ 64 մարզիկ-մարզիկուհիներ մասնակցեցան:
– 10-12 տարեկան մանչերու դասակարգ – Ալեքս Եուն
– 10-12 տարեկան աղջիկներու դասակարգ – Նարէ Քազարեան
– 13-14 տարեկան մանչերու դասակարգ – Ճէֆրի Ասանօ
– 13-14 տարեկան աղջիկներու դասակարգ – Լոռի Պողարեան
– 15-16 տարեկան մանչերու դասակարգ – Էճմին Միհրանեան
– 15-17 տարեկան աղջիկներու դասակարգ – Սեւանա Զարգարեան
– 35 տարեկան եւ վեր մանչերու դասակարգ – Վրէժ Սուրէնեան
– 35 տարեկան եւ վեր աղջիկներու դասակարգ – Սառա Քէհ
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ.- Երեք դասակարգերու 24 մարզիկ-մարզիկուհիներ մասնակցեցան:
– 12 տարեկան եւ վար – Էլըն Հուանկ
– 18 տարեկան եւ վար – Անանտ Ինճինիր
– Բաց տարիքի Ռոպերթ Շահնազարեան
ՃԱՏՐԱԿ.- Տարիքային երկու բաժանումներով 22 մարզիկ-մարզիկուհիներ մասնակցեցան:
– 15 տարեկան եւ վար – Արմէն Սարգիսեան
– 15 տարեկան եւ վեր – Անէթ Ազատխանեան
ԼՈՂ.- Տարիքային երկու բաժանումներով 10 մարզիկ-մարզիկուհիներ մասնակցեցան:
12 տարեկան եւ վար մանչեր
– 50 եւ 100 մեթր ազատ ոճ, ինչպէս նաեւ 50 մեթր Breast stroke Ճէյսըն Պարպար (Jason Barbar)
15 տարեկան եւ վար մանչեր
– 100 մեթր Breast stroke – Ալեքսանդր Նաճարեան
– 100 մեթր ազատ ոճ – Վահէ Քարամեան