ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ընդառաջելով Լիբանանի կառավարութեան ընդդիմադիրներու կոչին, մօտաւորապէս մէկ միլիոն լիբանանցիներ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1ին բաց նստացոյց մը սկսան կառավարութեան նստավայրին շուրջ, պահանջելով կառավարութեան հրաժարումը: Ցուցարարները անդամալուծեցին մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակներն ու հոն առաջնորդող փողոցները:
Խիստ միջոցառումներ որդեգրուած էին երկրին ապահովական ուժերուն կողմէ, որոնց կողքին «Հըզպալլա»ի անդամները իրենց առաւելագոյնը ըրին կացութիւնը հակակշռի տակ պահելու համար: Մինչ ոստիկանութիւնը յայտնեց, թէ ցոյցին մասնակցողներուն թիւը 800,000 է, «Հըզպալլա»ի աղբիւրները պնդեցին, թէ ցուցարարներուն թիւը մէկ միլիոնէն աւելի է: Ցուցարարները պաստառներ կը կրէին, որոնց վրայ գրուած էին՝ «Սինիորա՝ դուրս. կ’ուզենք ազատ կառավարութիւն մը», կամ «Կ’ուզենք մաքուր կառավարութիւն մը»:
Մինչ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտարարեց, թէ տեղի պիտի չտայ իր կառավարութեան հրաժարականը ապահովելու նպատակով կազմակերպուած ցոյցին, «Հըզպալլա» եւ զօր. Միշէլ Աուն կոչ ըրին վարչապետին եւ նախարարներուն՝ որ անյապաղ հրաժարին:
Ցուցարարները վարչապետարան տանող ճամբաները փակեցին վրաններով, պաշարման օղակ մը հաստատելով վարչապետարանին շուրջ: Ընդդիմութեան բանբեր մը յայտնեց, թէ վարչապետարանին շուրջ հաստատուած վրաններու օղակը պիտի մնայ, մինչեւ որ կառավարութիւնը տապալի: