ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զարգացման հայկական գործակալութիւնը (ԶՀԳ) 2007ին պիտի մասնակցի շարք մը համաժողովներու եւ ցուցահանդէսներու, որոնք պիտի նպաստեն արտասահմանի մէջ Հայաստանի դրական կերպարի ձեւաւորումին: Այս մասին յայտարարեց գործակալութեան գործադիր տնօրէն Վահագն Մովսիսեան եւ նշեց, որ Յունուարին գործակալութիւնը պիտի մասնակցի Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ նախատեսուած ցուցահանդէսին եւ արդէն այնտեղ ուղարկուած է 70 տեսակի արտադրութիւն:
Ցուցահանդէսի օրերուն պիտի կազմակերպուի նաեւ «Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւնները» խորագիրով գործարար-երեկոյ, ուր շնորհահանդէսի ձեւով պիտի ներկայացուին Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւնները: Վերջինիս պիտի մասնակցին 150-200 հաւանական ներդնողներ:
Ապրիլին, գործակալութիւնը պիտի մասնակցի Լոս Անճելըսի աւանդական «Westec» ցուցահանդէսին, ուր պիտի ներկայացուին Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւնները: Այնուհետեւ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ գործարար համաժողով:
Ըստ Վ. Մովսիսեանի, Չինաստանը եւ Հնդկաստանը մեծ շուկաներ ունին եւ արտածումի համար բաւական գրաւիչ են: Այդ պատճառով 2007ին գործակալութիւնը պիտի մասնակցի այդ երկու երկիրներուն մէջ նախատեսուած շարք մը առեւտրական ցուցահանդէսներու:
Արեւելքի շուկաներ մուտք գործելու համար, գործակալութիւնը կը նախատեսէ մասնակցիլ նաեւ Ճափոնի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաժողովին:
Հայաստանի համար գրաւիչ են նաեւ Միջին Արեւելքի շուկաները: Մինչ ԱՊՀ երկիրներու շուկաները կը գնահատուին 250-300 միլիոնով, Միջին Արեւելքինը իր ծաւալներով այդ շուկայէն պակաս չէ: Այդ պատճառով, աշխատանք պիտի կատարուի հայաստանեան ապրանքներու մուտքը այս շուկաներ ապահովելու ուղղութեամբ: Միաժամանակ, փորձ պիտի կատարուի նշուած երկիրներէն ներդրումներ ներգրաւելու:
Հայաստանի համար կը շարունակէ առաջնահերթ նշանակութիւն ունենալ Ռուսիոյ շուկան: Գործակալութիւնը պիտի աշխատի յատկապէս Ռուսիոյ մարզերուն մէջ՝ Սիպերիա եւ Ուրալ: Այս մարզերուն մէջ կը նախատեսուի հիմնել «Հայկական ապրանքային տուներ»: Միաժամանակ, աշխատանքներ պիտի կատարուին նաեւ Քրասնոեարսքի, Նովոսիպիրսքի, Եկատերինպուրկի շուկաներ մուտք գործելու ուղղութեամբ:
Վ. Մովսիսեան նշեց նաեւ, որ այս ուղղութեամբ պիտի կազմակերպուին գիտաժողովներ: