ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Հոկտեմբեր 5ին ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող շարք մը ընթացիկ հարցերու վերաբերեալ աշխատանքային խորհդակցութիւն ունեցաւ կառավարութեան անդամներուն հետ:
ԼՂՀ նախագահը յանձնարարեց կառավարութեան ամփոփել Քաշաթաղի մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները եւ հարցը նախապատրաստել ԼՂՀ Անվտանգութեան խորհուրդի յառաջիկայ նիստին քննարկման դնելու համար:
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Անուշաւան Դանիէլեան, ԼՂՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Կարէն Բաբուրեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: