«Թէքէեան» մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2007ի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի նուիրուած յուշ-երեկոյ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, 222 E. Harvard փողոց:
Խօսք պիտի առնեն Լորա Գույումճեան՝ «Միսաք Մեծարենց բանաստեղծը», եւ Լիլիթ Քէհէյեան՝ «Միսաք Մեծարենց արձակագիրը» նիւթերով: Պիտի մասնակցին նաեւ Զանի Մկրեան եւ Հրաչ Սեփեթճեան: Մուտքը ազատ է: