Սիրելի հաւատաւոր քրիստոնեայ,
Ուրախ սրտով կ’ողջունենք ձեզ Նոր տարուան սեմին, քանզի քաջ գիտենք, որ Նոր տարին բոլորին կը պարգեւէ նոր կեանք՝ մանուկ Յիսուսի ծնունդովը։ Ներքին անբացատրելի զգացում մը կը լեցնէ մեր հոգին, միտքն ու սիրտը, որովհետեւ հաւատքով կը տեսնենք ու կ’ապրինք սքանչելի եւ մեծ խորհուրդին ներկայութիւնը՝ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը, որպէս ճանապարհ դէպի Աստուած հոգեւոր արթնութեան, գերագոյն ու յաւիտենական ճշմարտութեան։
Ա.- Յիսուսի Ծնունդը՝ Ճանապարհ դէպի Աստուած։
Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը մարդկութեան առջեւ բացուած դէպի Աստուած առաջնորդող ճանապարհն է։
Աստուածակերտ մարդուն կեանքին նպատակն է քալել Աստուծոյ գծած ճանապարհէն՝ որ դարձաւ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ճանապարհը. խաչի ու չարչարանքներու մէջէն մինչեւ հրաշալի ու Սուրբ Յարութիւն, աղօթքի կեանքով լեցուն բարի հովիւի ներկայութիւն, վերջապէս Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ մարդեղութեան խորհուրդին մէջէն ճառագայթած։
Բ.- Յիսուսի Ծնունդը՝ ճանապարհ հոգեւոր արթնութեան։
Դէպի Աստուած ճանապարհէն հեռացած մարդկութեան կեանքին մէջ անգամ մը եւս կը ճառագայթէ Աստուածորդիին՝ Յիսուսի ծնունդը, որպէսզի մարդկութիւնը վերսկսի իր կեանքը սկիզբէն, վերակերտէ իր հոգեւոր կեանքը համաձայն աւետարանական պատգամներուն ու իր կեանքի երթը վերահաստատէ դէպի հոգեւոր արթնութեան եւ դէպի Աստուած ճանապարհին վրայ։
Մարդուն կեանքին մեկնակէտն է Աստուած։ Բայց բոլորս ալ գիտենք, որ մարդկային մեր տկար էութիւնը յաճախ կը շեղի դէպի Աստուած ճանապարհորդութենէն, որուն հետեւանք են այն բոլոր արարքները, որոնք կը խանգարեն ժողովուրդներու եւ ընկերային կեանքին խաղաղութիւնը։ Ամենակարող Աստուած, սակայն, կը միջամտէ մարդկութեան կեանքին մէջ Աստուածորդիին՝ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդովը, որպէսզի մարդը հոգեւոր վերածնունդ մը ապրի։ Ուրիշ խօսքով, Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը կը նորոգէ մեր կեանքը, որպէսզի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ կեանքն ապրինք սրբութեամբ, աստուածպաշտութեամբ եւ հաւատքի գործերով ու վկայութիւններով։
Գ.- Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը՝ ճանապարհ գերագոյն ու յաւիտենական ճշմարտութիւններու։
Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը կը դառնայ ճշմարիտ տօնախմբութիւն, եթէ երբեք ունենանք տեսիլքը Անոր ծնունդին մէջէն ընկալելու այն գերագոյն եւ յաւիտենական ճշմարտութիւնները, թէ հայրենիքն ու Ս. Էջմիածինը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սրբութիւն սրբոցն են, որոնց առջեւ պէտք է խոնարհիլ եւ աւելին՝ այդ նոյն սրբութեանց առաջնորդելու մեր նորահաս սերունդներն ու անոնց զաւակները։
Երբ կը տօնենք Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը, ապա հաւատքով գիտակից մարդուն համար պարզ կը դառնայ, թէ ինչպիսի սիրոյ անսահմանութեան արտայայտութիւն կայ մարդեղութեան խորհուրդին մէջ։ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը հոգեւոր ուժականութեան անսպառ աղբիւր է, որ նախ կը նորոգէ մեր կեանքը, մեր մէջ վերակերտելով Երկնաւորին պատկերը, բայց տակաւին Անոր ծնունդը կը դառնայ մարդուն կեանքին մէջ հոգեւոր ծնունդներու աղբիւրը։ Հետեւաբար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը քրիստոնեայ հաւատացեալին կը պարգեւէ աստուածատուր կեանքը հրաշագործելու խորհուրդը։
Սիրելի հաւատաւոր քրիստոնեայ,
Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու սեմին գոհաբանական աղօթք կը վերառաքենք առ Աստուած, որ անգամ մը եւս կ’օրհնէ բոլորս կեանքի շնորհքովը, հաւատքի եռանդովն ու խաղաղութեան տեսիլքովը։ Նոր ժամանակներուն մէջ ապրող մարդը եթէ երբեք իր կեանքը յարատեւ աղօթքի մէջ հաստատէ, խորապէս կ’ըմբռնէ այն ճշմարտութիւնը, որ կեանքը երկնատուր շնորհք մըն է, որուն համար պատասխանատու ենք։ Նոյն մարդը պէտք է խնդրէ նաեւ Աստուծմէ հաւատքի ուժ եւ եռանդ, որպէսզի իր կեանքը լեցնէ իմաստութեամբ եւ վերջապէս աստուածաստեղծ մարդը ի վերուստ կոչումն ու տեսիլքն ունի իր կեանքը դարձնելու խաղաղութեան ներշնչարան։
Մեզի վստահուած բազում պարտականութեանց մէջ սրբազան պարտականութիւն ունինք պահելու եւ պահպանելու Հայց. առաքելական մեր եկեղեցին, որուն մէկ կարեւոր մասնիկն է նաեւ Արեւմտեան թեմը իր եկեղեցիներով, որոնց մէջ ապրող ու շնչող ներկայութիւնը դուք էք, սիրելի հաւատաւոր քրիստոնեաներ։ 2007 տարեթիւը նշանակալից է բոլորիս համար, որովհետեւ պիտի տօնախմբենք թեմի առանձին վիճակի մը հաստատման 80ամեակը։ Մինչեւ 1927 թուականը՝ 1898 թուականէն սկսեալ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաները կը ներկայացնէին թեմական մէկ կառոյց, թեմական մէկ առաջնորդի գլխաւորութեամբ, հաստատուած Խրիմեան Հայրիկի սրբատառ կոնդակով։ 1927 թուականին Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով կը հաստատուի Արեւմտեան թեմը, որ անցնող ութ տասնամեակներուն հետզհետէ կը բարգաւաճի իր ծուխերով ու առաքելութիւններով։ 80ամեակը, սակայն, մեր առջեւ կը բանայ նոր մարտահրաւէրներու դուռը, որպէսզի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը դարձնենք հոգեւոր այն հզօր կառոյցը, որ իր նորահաս եկեղեցականներով, ծուխերով ու առաքելութիւններով դառնայ հաւատքի վկայութեան ապրող ներկայութիւն մը, որուն կեանքին մէջ շեշտուած պատգամ պէտք է դառնայ Հայաստանը, Սուրբ Էջմիածինը, բայց մանաւանդ օրհնաբեր քաղաքացիի նկարագիր մը ձեռք բերելու ձգտումը հանդէպ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ուր կ’ապրինք ու կը գործենք Աստուծոյ հովանիին ներքեւ։
Հետեւաբար, ամէն անգամ երբ շարականին բառերը որպէս աղօթք կը վերառաքենք Աստուծոյ՝ երգելով եւ կամ իրար ողջունելով՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի», մեր հոգիներուն մէջ կը ծնի նոր մարդը՝ նոր տեսիլքներով, նոր յոյսերով ու նոր երազներով։
Յիսուս մանուկի ծնունդով նորոգեցէ՛ք ձեր կեանքը։ Թող Անոր ծնունդը լոյս առատացնէ բոլորիս հոգիներէն ներս, քանզի Անոր ծնունդին մէջ կը գտնենք մեր հոգիին վերածնունդը, նոր մարդուն վերակերտումը, վերջապէս՝ ճանապարհը դէպի Աստուած։
Մնամք սիրոյ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ
Յունուար, 2007