ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 30ին, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած զինեալ յարձակումներուն եւ ռմբահարումներուն գլխաւոր թիրախը շիի ուխտաւորներ էին, որոնք երկրին զանազան շրջաններու մէջ Աշուրա տօնին առիթով տեղի ունեցող հաւաքներու կը մասնակցէին:
Այսպիսի յարձակումներու ընթացքին սպաննուեցան առնուազն 44 շիի իրաքցիներ, հակառակ այն իրողութեան, որ իշխանութիւնները խիստ միջոցառումներու դիմած էին շիի ուխտաւորներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:
Նոյն օրը, սիւննիներով բնակեցուած Պաղտատի Ատամիյէ շրջանին ռմբակոծումը 17 այլ զոհեր խլեց:
Միւս կողմէ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ իսլամական «Դրախտի զաւակներ» աղանդին դէմ զինուորական գործողութեան ընթացքին սպաննուածներուն վերջնական թիւը 263 է: Վիրաւորուած են 210 ուրիշներ, որոնք մօտաւորապէս 300 ուրիշներու կողքին կալանաւորուած են իշխանութեանց կողմէ, Նաճաֆի մէջ տեղի ունեցած բախումներէն ետք: