Մարդկային արժանիքներէն եթէ ո՛չ բարձրագոյնը, ապա վեհագոյններէն մէկը, ծառայութիւնն է՝ ի խնդրիր հաւաքական իղձերու եւ շահերու: Ծառայութիւն մը, որուն հիմնաքարն է աձնուրաց նուիրաբերումը, անթեք, նպատակասլաց երթը՝ դէպի այն լոյսը, ուր հանգչած է ժողովուրդի մը ազգային ինքնութեան կանթեղը: Իսկ ծառայութեան լերան գագաթին, մեծագոյն պայծառութեամբ կը փայլի խոնարհ ծառայութեան լոյսը. պայծառ ցոլք մը, որ սնած է անհատական շոյանքներու, գովերգութեանց եւ փառաբանութեանց բացակայութեամբ: Խորքին մէջ, խոնարհ ծառայութեան ընդմէջէն է, որ երեւան կու գայ մարդու հաւաքական նկարագրի այն գիծը, որ դարերու ընթացքին մղած է զինք կառուցելու, կերտելու եւ յաղթահարելու ինքնակործանման բնազդը:
Յարութիւն Բարսեղեանը, իր անխոնջ նուիրաբերումով, անեղծ կամքով, լուռ սակայն անշեղ ներգործութեամբ, եկաւ լաւագոյնս իմաստաւորելու եւ մարմնաւորելու խոնարհ ծառայութեան հասկացութիւնը: Իրաքէն մինչեւ Ամերիկա, հաստատուած թէ տարագիր, անոր սիրտն ու հոգին միշտ մնացին ազգին ծառայելու այրող իղձով: Հոն, ուր լսեց իր ժողովուրդի կանչը, եկեղեցւոյ մատուռէն, թէ դպրոցի միջանցքէն, ակումբի խորքերէն, թէ հայրենի խազերով պատուած բեմերէն, Յարութիւն Բարսեղեան ներկայացաւ իբրեւ իր ազգի խոնարհ զաւակը, իր ամբողջ էութեամբ նուիրուելով հայակերտման գործին՝ Սփիւռքի հեռաւոր ափերուն: Ան եկաւ դառնալու հայ ժողովուրդի աննկուն կամքի ամէնէն պանծալի արտայայտիչներէն մէկը: Միշտ հեռու մնալով անհատապաշտ, եսակեդրոն, անձը փառաբանող հանգամանքներէ, Յարութիւն Բարսեղեան իր անձը դարձուց գործէն անզատորոշելի՝ իր կեցուածքով բիւրեղացնելով հաւաքականին ծառայելու արդէն իսկ կորսուող հասկացութիւնը: Իր անձը հաւաքականին միաձուլելու եւ անոր ի խնդիր ոչնչացնելու Յարութիւն Բարսեղեանի անխոնջ յանձնառութիւնը եկաւ իր անհատի վեհ նկարագրին, ուրոյն կազմուածքին եւ եզակի ոճին լաւագոյն ապացոյցը դառնալու:
Հաւանաբար ինք բոլորովին անտեղեակ եղաւ այն իրականութեան, որ իր կեցուածքով, անշեղ յանձնառութեամբ ան ներշնչեց ու դարձաւ մեզմէ շատերուն մղիչ ուժը, որպէսզի ձգտինք շարունակել հայակերտման պայքարը, ազգային ծառայութեան ծանր պայքարը, մերժելով կքիլ անձի ներաշխարհը ջլատող, հոգին հարուածող բազմաթիւ ճնշումներու առջեւ: Ահա այս յատկանիշը դարձուց Յարութիւն Բարսեղեանը ազգային ոճը պահպանող ամէնէն խօսուն օրինակներէն մէկը, սերնդափոխութեան երբեմն ուժատիչ ընթացքին մէջ: Այս ըմբռնումով եւ ամբողջական յարգանքով կը յիշենք Յարութիւն Բարսեղեանը, խոնարհելով իր ճանապարհի վերջնակէտին դիմաց, ուր ամփոփուած են ազգասիրութեան, տարիներու անխոնջ ու օրինակելի ծառայութեան ամէնէն պանծալի պատկերները: