Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կասեցնէ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող արիւնահոսումը: Այս արիւնահոսումը հո՞ն կանգ պիտի առնէ: Կը զոհուին ամերիկացիներ, անգլիացիներ, դաշնակից երկիրներէ եկած զինուորներ եւ իրաքցիներ: Ամէն նոր օր իր հետ կը բերէ իր մահուան նոր լուրերը: Տարիներէ ի վեր տեւող այս կացութիւնը այլեւս չի զարմացներ, չի յուզեր, բացի զոհերու ընտանիքներէն, մայրեր ցոյց կ’ընեն Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իսկ Իրաքի մէջ, իւրաքանչիւր օրուան զոհերուն հետ կը սրուին միջհամայնքային հակամարտութիւնները: Եթէ յանկարծ որոշուի ամերիկեան ուժերը հեռացնել Իրաքէն, խաղաղութեան հրաշքը պիտի չպատահի, ընդհակառակն, արաբական եւ իսլամական աշխարհը ինքզինք պիտի գտնէ աւելի լայնածիր բռնկումի մը առջեւ, աննախատեսելի հետեւանքներով:
Թիւերը խօսուն են: Ցարդ մեռած են շուրջ երեք հազար ամերիկացիներ եւ աւելի քան քսան հազար իրաքցիներ: Միամիտներ կը կարծէին, որ Իրաքի մենատէր Սատտամ Հիւսէյնը հեռացնելով կամ սպաննելով, հարցերը կախարդական լուծման պիտի յանգէին:
Երբ նոր կը սկսէր այս գրեթէ առանց պատճառի, աւելի ճիշդ՝ հնարուած պատճառով պատերազմը, արդէն գործուեցաւ մեծ աւեր, որուն մասին իմացանք, խօսեցանք, մոռցանք: Բազմահազարամեայ եւ համայն մարդկութեան պատկանող մշակոյթի մը հետքերուն դէմ նախայարձակում գործուեցաւ, կողոպտուեցան թանգարաններ եւ այս կորուստին հաշուեկշիռը նոյնիսկ եթէ օր մը ըլլայ, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի դարմանէ:
Առաջին հերթին հարկ է խօսիլ արաբական աշխարհի տեսակ մը չէզոքութեան մասին, ուրիշ բառ չգործածելու համար, որ անկարողութեան մը խոստովանութիւն է: Ինչո՞ւ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներէն բանակներ պիտի գային Իրաքի մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու համար, երբ արաբական երկիրները կրնային, փոխհասկացողութեամբ, բանակցութիւններով, ի հարկին՝ ճնշումներով, կացութիւն ստեղծել: Սակայն արաբ ղեկավարներ, գաղութարարութեան անկումէն ի վեր, փոխանակ հասարակաց ճակատ ստեղծելու, պայքարեցան իրարու դէմ, զիրար վարկաբեկեցին, հեռացան ժողովուրդէն, դարձան գործիք այս կամ այն ուժերու: Պաղ պատերազմի օրերուն, հաւանօրէն դժուար էր դիմադրել աջէն եւ ձախէն եկած ճնշումներու: Բայց ի՞նչ է դերը ղեկավարութեան, եթէ չի գիտեր եւ չի կրնար պահել ինքնուրոյն վարքագիծ, որ ներշնչուած ըլլայ սեփական ժողովուրդի շահերէն:
Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուեցան փաստերը, որ Իրաքի դէմ պատերազմ շղթայազերծուած է նենգափոխուած պատճառներով, որոնք ոչ մէկ ձեւով հիմնաւորուած էին: Այս կացութեան դիմաց, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը եւ Արաբական լիկան ոչ մէկ նախաձեռնութեան դիմեցին, հաշիւ պահանջելու եւ պատասխանատուութիւններ ճշդելու համար:
Օրէնքներով կառավարուող Միացեալ Նահանգներու պատկան իշխանութիւնները դատարան չյանձնեցին նենգափոխողները: Ֆրանսան դէմ արտայայտուեցաւ պատերազմին, բայց այդ յանդգնութիւնը հետեւորդներ չունեցաւ, ծաւալ չստացաւ, նոյնիսկ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներ գտնուեցան տրամագծօրէն հակառակ դիրքի վրայ, ինչպէս Մեծն Բրիտանիան, Իտալիան, Լեհաստանը, եւայլն, որոնք զինուոր ղրկեցին, նոյնիսկ եթէ անոնց թիւը խորհրդանշական թուի, բաղդատած ամերիկեան բանակի ներկայութեան: Եւրոմիութիւնը, իր կարգին, պիտի քննէ՞ իր այս անհեթեթութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ անհեթեթ եւ անարդար այս պատերազմը ունեցաւ իր անմիջական հետեւանքները, եւ քննադատական վերաբերումի ալիքին վրայ նախագահը կորսնցուց երկրի օրէնսդիր զոյգ ժողովներու վրայ իր հակակշիռը, ստիպուեցաւ զոհել իր պաշտպանութեան նախարարը: Նոյնիսկ իր քաղաքական ընտանիքին պատկանող նախկին նախարար մը բացասական զեկոյց պատրաստեց պատերազմի մասին, որ դատափետումն է երկրի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան: Տակաւին յստակ չէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները Միացեալ Նահանգներէն դուրս: Անփառունակ կերպով Իրաքէն երբ հեռանան գրաւման ուժերը, բացի երկրին սպառնացող քաղաքացիական պատերազմէն, որուն դերակատարները պիտի ըլլան երեք ուժեր, իսլամ երկու մրցակից համայնքներ եւ քիւրտերը, ընդհանրապէս ապակայունացում մը պիտի սպառնայ արաբական միւս երկիրներուն, որոնք կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութիւնը, եւ միւսներուն’ որոնք տարբեր քաղաքականութեան կը հետեւին, քանի որ կը միջամտեն ռազմագիտական եւ ուժանիւթի ազդակներ:
Շեփորուած ժողովրդավարութեան հաստատման համար մղուած պայքարները ծխածածկո՞յթ են, թէ իսկական նպատակ:
Այս տուեալներու լոյսին տակ, կրնա՞յ պատահիլ, որ նոր համախոհութիւն մը ստեղծուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տալու համար գերազգային իրաւ ուժի դեր, նոյնիսկ վերջ տալով քանի մը երկիրներու մենաշնորհեալ դիրքին, որ կը բնորոշուի բրտօրէն ոչ ըսելու իրաւունքով, վեթոյի իրաւունքով: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարը կ’ունենա՞յ այնքան հեղինակութիւն, որ միջազգային ընտանիքը դուրս բերէ գերհզօրներու եւ հզօրներու ճնշող ազդեցութեան շրջանակէն, ստեղծելով այն մթնոլորտը, որ երկիրներ չունենան յաւելեալ իրաւունքներ, այլ՝ յաւելեալ պարտաւորութիւններ, մեծերը եւ փոքրերը:
Երբեմն կ’ըսուի որ Համաշխարհային երրորդ պատերազմը ընթացքի մէջ է, ամէնուրեք կան մեծ ու պզտիկ պատերազմներ: Գումարենք նաեւ ջուրի, ուժանիւթի, աշխատանքի, սնունդի եւ հիւանդութիւններու պատճառով գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնները, որոնք պայթիւնավտանգ են, զանգուածային կերպով մահասփիւռ:
Իրաքի զոհերը կրնա՞ն ծառայել, որ մարդկութիւնը, համաշխարհայնացման, անսանձ ազատականութեան եւ բազմազգ ընկերութիւններու կապանքներէն ինքզինք ազատէ, աւելի արդար եւ մարդկային ընկերութեան մը ծնունդ տալու համար, փրկելու համար նաեւ մեր հասարակաց հարստութիւնը, որ բնութիւնն է, կեանքը եւ անոր շարունակութիւնը:
Երրորդ հազարամեակ մտած ենք ԺԹ. դարու թնդանօթի քաղաքականութեան մտածողութեամբ եւ արժէքներով: Այսինքն՝ ուժի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, հակառակ հոգեպարար ճառերու, ժողովրդավարութեան, ազատութիւններու, մարդկային իրաւանց եւ այլ հարցերու մասին: Այս կեղծիքի դիմակը հարկ է պատռել: