ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Մոսկուայի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 15րդ հանդիպման ծիրէն ներս, Վարդան Օսկանեան երէկ, Նոյեմբեր 1ին, հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի իր պաշտօնակից Կելա Պեժուաշւիլիի հետ:
Արտաքին գործոց նախարարները քննեցին Հայաստան-Վրաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները, նաեւ ռուս-վրացական յարաբերութիւններուն անդրադարձը տարածաշրջանին վրայ եւ հոն գոյութիւն ունեցող լարուածութեան մեղմացման հնարաւորութիւնները:
Անդրադառնալով ԵՄի հետ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն, նախարարները բարձր գնահատեցին Նոյեմբեր 14ին Նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան հարաւային Կովկասի պետութիւններու Գործողութիւններու ծրագիրի ընդունումը եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ այդ մէկը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ Հայաստանին եւ Վրաստանին, որ եւրոպական համարկման ուղղութեամբ իրենց գործակցութիւնը խորացնեն:
Կողմերը մտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանի հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման եւ այդ պարունակով ՄԱԿի մէջ ՎՈւԱՄի (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան, Մոլտովա) նախաձեռութեան հնարաւոր հետեւանքներու վերացման հնարաւորութիւններու մասին: