ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 4ին, Ազգային ժողովի աշնանային նստաշրջանի վերջին քառօրեայի նիստին, քննարկման ներկայացուեցաւ պետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն առնչուող օրինագիծը: Ինչպէս նշեց նախագիծի հեղինակ, ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանը օրինագիծի ներկայացումը սահմանդարական փոփոխութիւններու պահանջ է, քանի որ սահմանադրութեան 8.1 յօդուածով ամրագրուած է, որ պետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ օրէնքով:
Թորոսեան նշեց, որ նախագիծը բացարձակապէս որեւէ ձեւով չէ կրճատած այն իրաւունքները, որոնք սահմանադրութեամբ ամրագրուած են խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու իրաւունքներու առումով. «Այս նախագիծը լրացնում է օրէնսդրական այս հարթութիւնում գտնուող փաստաթղթերի շարքը ու կարգաւորում Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցու եւ ՀՀ առանձնայատուկ յարաբերութիւնները», յայտարարեց Տ. Թորոսեան:
Նախագիծով հաստուած է, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատմական, հոգեւոր, մշակութային եւ վաւերագրական ժառանգութիւնը ազգային ինքնութեան հիմքի կարեւոր եւ անբաժանելի մասն է: «Աւելի քան 1.5 հազարամեակ է, ինչ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին գործում է որպէս ինքնուրոյն, ազգային եկեղեցի՝ իր ազգային առանձնայատկութիւններով, եւ սա չի կարող վիճարկման առարկայ դառնալ, քանի որ այդ ամբողջ դարերի ընթացքում, եկեղեցին դարձել է մեր ինքնութեան կարեւոր եւ անբաժանելի մասը, այդ ժամանակահատուածում ստեղծուել են հոգեւոր, մշակութային արժէքներ, որոնք առանձնայատուկ են եւ էապէս տարբերւում են կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան հետ կապուած խնդիրներից, եւ այս առումով անհրաժեշտութիւն էր առաջացել այս ժառանգութեան հետ կապուած մի շարք հարցեր կանոնոկարգել», նշեց Թորոսեան:
Նախագիծով կ’ամրագրուի նաեւ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ որոշ հարցերու կարգաւորման կապուած եկեղեցւոյ մասնակցութեան խնդիրը:
Նշենք, որ քառօրեայի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են հինգ տասնեակէ աւելի հարցեր եւ միջազգային 12 պայմանագիրներ: Վաւերացման ներկայացուած է նաեւ Իրաքի մէջ գործող ուժերու կազմին մասնակցութեան ժամկէտը եւս մէկ տարով երկարաձգելու հարցը: