ԵՐԵՒԱՆ.- 4-5 Օգոստոսի լուսցող գիշերը եւ օրուան ընթացքին շփման գիծին մէջ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է։ Այս մասին աղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` նշելով, որ լարուածութիւնը, ընդհանուր առմամբ, կը շարունակուի:
Բանակը նշեց, որ կարգ մը ուղղութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումները խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներով: Հայկական կողմէ կորուստներ չկան:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց վիրաւորներու առողջական վիճակին մասին` նշելով, թէ վիրաւորուած զինուորներէն մի քանին արդէն հիւանդանոցէն ելած են։ Երեքին վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, մէկ զինուորինը՝ ծայրայեղ ծանր` դրական ընթացքով։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ, իրադրութեան հետագայ կայունացմանն ուղղուած աշխատանքները շարունակւում են», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական շտաբը՝ նկատի ունենալով մասնակի զօրահաւաքին մասին հանրութեան մօտ յառաջացած զանազան քննարկումները՝ հրապարակեց պարզաբանող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Պայմանաւորուած վերջին օրերին շփման գծում լարուածութեան աճով, անհրաժեշտութիւն է առաջացել համալրել առանձին զօրամասէր եւ զինուորական կամ քաղաքացիական պաշտօններ: Այդ պատճառով Արցախի նախագահի հրամանագրով յայտարարուել է մասնակի զօրահաւաք, որն ի տարբերութիւն ընդհանուր զօրահաւաքի, պետութեան զինուած ուժերի մի մասի հաւաք է` ելնելով կոնկրէտ (յստակ) իրավիճակից եւ տուեալ պահին զինուած ուժերի առջեւ դրուած խնդիրներից: Մասնակի զօրահաւաքի իւրաքանչիւր դէպքում իրաւասու մարմինների կողմից որոշւում են զօրահաւաքի իրականացման մասշտաբներն ու սուբյեկտների (անհատներու) ընդգրկուածութեան աստիճանն ու քանակը:
«Ուստի, յայտարարուած մասնակի զօրահաւաքում ընդգրկուած են միայն կոնկրէտ զօրամասեր, որոնց կցագրուած քաղաքացիներն են միայն ստանում ծանուցումներ: Դա նշանակում է, որ ովքեր չեն ստացել ծանուցում, նրանց զօրամասի կամ ստորաբաժանման վերաբերեալ զօրահաւաքի որոշում չի կայացուել: Ծանուցումներն ուղարկուել են տուեալ զօրամասերում կցագրուած բոլոր անձանց` առանց որեւէ խտրականութեան, այդ թւում` պաշտօնատար անձանց, որոնք էլ ներգրաւուել են զօրահաւաքային զինուորական ծառայութեան մէջ»։