«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը ներկայացնէ Android համակարգի հայերէն ուղղագրիչը։
«ՆայիրիՍտեղն»ը հայերէնի առաջին ամբողջական ստեղնաշար-ուղղագրիչն է՝ հայերէնի երկու լեզուաճիւղերուն եւ բոլոր հայերուն համար։
iOS-ի ստեղնաշար-ուղղագրիչէն ետք, ահա պատրաստ է նաեւ Android համակարգի ուղղագրիչը, որ արդէն թողարկուած է եւ հասանելի իր թարմացուած՝ 2.0 տարբերակով։
Android համակարգի «ՆայիրիՍտեղն»ը կարեւոր դեր ունի հայերէնը կենսունակ պահելու մէջ. այսպիսով հայերէնը ներկայ պիտի ըլլայ ամէնօրեայ, արհեստավարժ եւ ստեղծագործ կեանքի մէջ։
Շնորհակալ ենք Nayiri.com-ի մասնագէտներուն այս յոյժ կարեւոր եւ անհրաժեշտ գործիքը ստեղծելնուն համար։ Իր նորագոյն տարբերակով, «ՆայիրիՍտեղն»ը կը գործէ թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի համար, թէ՛ դասական եւ թէ հայաստանեան ուղղագրութեամբ։ Ուղղագրիչը կ՛առաջարկէ չորս տարբեր ստեղնաշարեր՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, հնչիւնային եւ գրամեքենայի շարուածքներով։ Իւրաքանչիւր շարուածք ունի ամփոփ եւ ընդարձակ տարբերակներ։
Այսօր կարելի է հայերէն գրել որեւէ գործիքի վրայ եւ որեւէ համակարգի մէջ։
«ՆայիրիՍտեղն»ը արդէն տրամադրելի է եւ անվճար ներբեռնելի Google Play Store-էն։
(Հաղորդագրութիւնը՝ հիմնարկութենէն)