ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արմաւիրի, Արարատի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի եւ Կոտայքի մարզերու խաղողի եւ այլ պտղատու ծառերու տնկարանները վեջին երկու տարուան ընթացքին աւելցած են աւելի քան 4300 հեքթարով:
Ըստ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան վարչութեան տեղեկատուութեան, վերոնշեալ տնկարաններուն մէջ բարձրորակ պտղատուներէն բացի կ’աճեցուին հիւանդութիւններու տոկացող ծառատեսակներ եւ հայ գիտնականներու փորձարկման արդիւնքով խաղողի ցրտադիմացկուն արժէքաւոր նոր տեսակներ:
Մասնագէտներու խօսքերով՝ Հայաստանի իւրայատուկ աշխարհագրութեան շնորհիւ, միրգերու հասունացումը կը կատարուի տարբեր ժամկէտներու ընթացքին: Ծրագիրը, նպաստելով բոլոր այգիներու յաւելեալ ընդլայնումին եւ բերքի աճին, հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ երկարաձգել թարմ միրգերու շուկայ բերուելու ժամանակահատուածը եւ կը պակսեցնէ վերամշակող գործարաններու աշխատանքային ժամկէտի լարուածութիւնը:
Նշենք, որ 2007ին, գործադրութեան պիտի դրուի նաեւ մաքրատեսակ խաղողի այգիներու հիմնադրման եւ նոր արհեստագիտութիւններու ներդրման նոր ծրագիրը:
Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տուեալներով, Հայաստանի խաղողի տնկարանները այժմ 17 հազար հեքթար են, իսկ մրգատու այգետարածքները՝ 36 հազար հեքթար: