ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հիւրընկալութեամբ ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէութեան եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըս հաստատուած ո-չհասութաբեր DSTL Arts (Develop Skills and Transcend Limits through the Arts, Ձիրքեր զարգացուր եւ սահմաններ շրջանցէ արուեստի միջոցաւ) կազմակերպութեան, 23 Յուլիսին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարմանող Պատմութիւն» նիւթով հետաքրքրական աշխատանիստ մը։
Հեղինակ եւ երգչուհի Անի Մինասեան առաջնորդեց աշխատանիստը, որ նախ զուգահեռներ գծեց մէկ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ ընդհանրապէս Հայկական Հարցի հետապնդումին, իսկ միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական իրաւանց պայքարներուն միջեւ։
Այնուհետեւ, Մինասեան կարդաց հայ հեղինակներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընկերային արդարութեան մասին բանաստեղծութիւններ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարծիքներու հետաքրքրական փոխանակում։
Ապա, Մինասեանի առաջնորդութեամբ եւ ներկայացուած բանաստեղծութիւններուն հետեւողութեամբ, ներկաները սկսան բանաստեղծութիւններ հեղինակել, որոնց վերջնականացած օրինակները կրնան հրապարակուիլ DSTL Arts-ի պարբերաթերթին մէջ։
Անի Մինասեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել animinasian.com կայքը, իսկ DSTL Arts՝ dstlarts.org կայքը։