Wednesday, August 10, 2022
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
NEWSLETTER
Aug. 10, 2022 PDF
ENG
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
ENG
No Result
View All Result
Home Յօդուածներ

Մասնագէտներ Պիտի Ուսումնասիրեն Եղեր…

by Asbarez Staff
August 5, 2022
in Յօդուածներ
0
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 – Լսեցի՞ր վերջին նորութիւնը,- նետեց դառն կատակներ սիրող բարեկամս՝ հեռաձայնին միւս ծայրէն:

 – Ո՛չ. նորութիւնները դո՛ւն կը բերես ինծի,- պատասխանեցի՝ լուրջ ձեւանալով:

 – Լա՛ւ, լսէ՛,- շարունակեց խորհրդաւորութիւն կեղծով ձայնով մը:- Ըսելիքներս գաղտնիք են, տակաւին հրապարակ չեն եկած…

 – Մի՜ երկարեր, ըսէ՛ թէ ի՞նչ է լսածդ:

 – Հա՛: ՄԱԿը, մարդասիրական միջազգային քանի մը կազմակերպութիւններ, մասնաւորաբար ժողովուրդներու հոգեբանական հարցերով զբաղողներ, լուծումներ հետապնդողներ քով-քովի եկեր են, կազմեր են մասնագէտներու յանձնաժողով մը (գիտե՞ս, Հայաստանի մէջ յանձնաժողով կազմելը «մոտա» է), որուն առաքելութիւն տրուեր է ուսումնասիրել հայ ժողովուրդին վերջին տարիներու հոգեբանութիւնը, աւելի ճիշդը՝ հոգեփոխութիւնը:

 – Վա՜զ անցիր հանելուկներով խօսելու սովորութենէդ…

 – Կեդրոնական յանձնաժողովն ալ կազմեր է ենթայանձնախումբեր (ասիկա ալ սփիւռքցիներուս սիրած ձեւն է), իւրաքանչիւրին վստահելով յատուկ կալուած մը, որովհետեւ ըլլալիք ուսումնասիրութիւնը շատ մասնագիտական պիտի ըլլայ եղեր, ինչպէս որ կը պատահի նոր օրերու իրաւաբաններուն, բժիշկներուն եւ այլ արհեստավարժներուն պարագային:

 – Բայց չըսիր, թէ ի՞նչ է ուսումնասիրուելիքը: Ի՞նչ է. մեր ժողովուրդը «լապորաթոր»ի կենդանի՞ պիտի դարձնեն:

 – Մօտաւորապէս անանկ բան մը, բայց… մասնագիտական եւ խորհրդապահական մօտեցումով:

 – Չբանա՞ս գաղտնիքներուդ տոպրակը:

 – Գիտեմ, որ քիչ մը անհամբեր ես. գիտես, որ կը սիրեմ քեզ քաշքշել: Ուրեմն լսէ՛, թէ ի՞նչ պիտի ուսումնասիրեն մասնագէտները.

 Ա. Պիտի նային, թէ հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ մեծամասնութիւն կոչուողը (չէ, հոս պոլշեւիկ-մենշեւիկի՝ մեծամասնական-փոքրամասնականի հարց չկայ) ինչպէ՞ս կը հետեւի իշխանութեան ու կուլ կու տայ անոր սուտ քարոզչութիւնը, երբ ան բացայայտ պարտութենէ ետք կը գոչէ «չենք պարտուած», շատ մը իրականութիւններ կը ներկայացնէ գլխիվայր դարձած:

 Բ. Պիտի ստուգեն, թէ բարեմի՜տ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ, որ ռազմական պատրութեան զուգահեռ, նաեւ դիւանագիտական հսկայական նահանջներ, կորուստներ արձանագրող իշխանութիւնը զիրենք կը համոզէ, թէ երկրին դիւանագիտութիւնը մեծ նուաճումներ կ՛արձանագրէ՝ «խաղաղութիւն պիտի բերենք» յանկերգելով եւ նոր կորուստներու ճամբան լայնցնելով: Յատուկ ենթայանձնախումբ մը պիտի կազմուի, որպէսզի ուսումնասիրէ Հայաստանի դիւանագիտական մարզը կառավարողները, սկսելով վարչապետէն ու արտաքին գործոց նախարարէն՝ մինչեւ տարբեր երկիրներու մէջ դեսպանի, հիւպատոսի պաշտօնին կոչուածներուն ատակութիւնը, գիտելիքներ (աւելի ճիշդ բնորոշում պիտի ըլլայ ըսել… տ-գիտութիւնը, ան-ատակութիւնը): Նկատի պիտի առնուին մինչեւ իսկ անոնց՝ մերթ ընդ մերթ փայլատակող հայրենասիրական խօսքերը, «ազերիները կը խափանեն»ները: Գործակատարներ պիտի նշանակուին, հետապնդելու թէ այդ պաշտօնակատարները, մանաւանդ դեսպանները որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրեն զբօսնելու, շուկաները պտտելու, արդեօք ժամանակ ունի՞ն իրենց պաշտօնը կատարելու, օրինակ՝ Հայաստանի բողոքներն ու դժգոհութիւնները օրը օրին հասցնելու իրենց առաքելութեան վայրերու պետութեանց: Ստուգում պիտի կատարուի, թէ արդեօք կեդրոնական իշխանութիւնը հոգ կ՛ընէ՞ նման աշխատանք կատարելու, տեղեկագիրներ յղելու եւ գործի մղելու իր ներկայացուցիչները, թէ վերջնականապէս որդեգրած է գերիներու հարցէն ձեռք լուալու վարքագիծին զուգահեռ վարմունքներ:

 Գ. Այլ ենթայանձնախումբ մը պիտի ուսումնասիրէ, թէ ժողովուրդ մը ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ինքնակամ կերպով կը հրաժարի իր պատմութենէն, երկրին աշխարհագրական շրջաններէն եւ կ՛ընդունի, որ իր հայրենիքը մաս առ մաս նուէր կը տրուի դարաւոր թշնամիներուն: Այս խմբակի գործին մաս պիտի կազմէ քննարկել, թէ վարչապետն ու իր «պոչիկները» ինչո՞ւ պատմականօրէն հայկական ճանչցուած շրջաններ, քաղաքներ եւ գիւղեր կը կոչէ թրքական անուններով եւ ժողովուրդն ալ կը համոզուի, որ նման շրջաններ այսպէս՝ ըստ կամս նուէր տրուին ազերիներուն, խոստացուին թուրքերուն (պատմագէտներ եւ ծինաբաններ ստալինականութեան հետքեր պիտի փնտռեն նման մարդոց մէջ):

 Դ. Խմբակի մը պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան հասցնող պայմանները, իսկ մէկ ենթա-ենթայանձնախումբ պիտի պատրաստէ ցանկը այն շրջաններուն, որոնց մասին որեւէ նշում չէ եղած այդ համաձայնութեան մէջ, սակայն պատառ-պատառ նուէր կը տրուին թշնամիին, սկսելով Քարվաճառէն: Ուշադրութեան առարկայ պիտի ըլլայ այն, որ օրին անընդունելի եւ անհանդուրժելի նկատուած այդ յայտարարութիւնը հիմա ինչո՞ւ կը դիտուի բաղձալի բան մը, «գոնէ անոր պայմանները յարգեն»ներ կը հնչեն ամէն օր…

 Ե. Յատուկ եւ շատ մասնագիտական ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկուի այն երեսը, թէ Երեւանի իշխանաւորները ինչո՞ւ կ՛ընդունին, որ ապաշրջափակում եւ սահմանազատում խորագիրներուն տակ, Հայաստանի իրաւունքները կը նահատակուին հետեւողական կերպով, որոշ շրջաններ կը մատնուին հայաթափումի՝ նախիջեւանանալու վտանգին, իսկ ժողովուրդը այս բոլորը կ՛ընդունի առանց ընդվզումի, կը հրաժարի իր իրաւունքներէն, չի բոլորուիր հայրենիքը եւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու ելած ընդդիմադիրներուն շուրջը, զանոնք չի մղեր դարձեալ առաջնորդելու ազատագրական երթը, կ՛ընդունի, որ Հայաստան իր ուժերը հեռացնէ Արցախի մնացեալ մասէն եւ յանցաւորներ փնտռէ այլոց մէջ:

 Զ. Իբրեւ զուգահեռ ուսումնասիրութիւն, լուսարձակի տակ պիտի բերուին իշխանաւորներուն, անոնց ծիրին մէջ մտածներուն եւ նորացուած հիներուն այն կապերը, որոնք պատրաստ են երկրին ու ազգին շահերուն վրայ ասֆալթ փռելու՝ բանալու համար Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ շահակցական անվաղորդայն արահետները:

 Է. Մասնագիտական քննարկումի պիտի ենթարկուի ժողովուրդը տարանջատելու՝ բաժան-բաժան ընելու իշխանաւորներուն քայլերուն արձանագրած յաջողութիւնները: Այս ծիրին մէջ, ենթա-ենթայանձնախումբ մը պիտի ուսումնասիրէ հայրենի եւ արտերկրի հայութեան միջեւ վիհեր ստեղծելու եւ զանոնք անմրցելի աշխուժութեամբ խորացնելու իշխանաւորներուն «քաղաքականութիւնը»: Լուսարձակ պիտի կեդրոնացուի, օրինակ, դաշնակցական գործիչներու Հայաստան մուտքին դէմ անբացատրելի արգելքներուն, կամ՝ Սփիւռքի յանձնակատարին ժրաջան աշխատանքին վրայ, որուն գործնական հետեւանքը կ՛ըլլայ ջուր լեցնել խորացող վիհին մէջ, որպէսզի հոն ուղղուողները ջրամոյն ըլլան: Հոս պիտի կազմուի պատմագէտներու խմբակ մը, քննարկելու համար, թէ արդեօք համայնավար իշխանութեան օրերուն գործող՝ Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէն նման ընթացք ունէ՞ր, թէ անոր մինչեւ իսկ միականի վարմունքը այսքան վնասաբեր չէր հայութեան երկու մեծ հատուածներուն համար:

 Ը. Իսկական պատմագէտներու պիտի վստահուի յատուկ պարտականութիւն մը, ստուգելու, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն բխող հարցերը, ժառանգութիւնը, իրաւատիրութիւն եւ այլն, արդեօք հայութեան ո՞ր հատուածներուն կալուածն են, հայաստանաբնակները պէ՞տք է ձեռք լուան իրաւատիրութենէն, թէ կուրօրէն անսալով վարչապետի «տրամաբանութեան», ըսեն, որ մեզի ի՜նչ, թող սփիւռքցիները հետապնդեն այդ դատը, ինչպէս ըրած են 1920ականներէն մինչեւ վերանկախացում, հոգ չէ թէ քանի մը տասնամեակ, Հայաստանի իշխանութիւնները յարեցան այդ աշխատանքին: Արցախի մասին Հայաստանի իշխանութեան նորագոյն կեցուածքներն ալ պիտի ուսումնասիրուին այս մօտեցումով, տեսնելու՝ թէ Արցախի մնացեալ գօտիէն ալ իրողապէս ձեռք լուալու Երեւանի իշխանաւորներուն ընթացքը արդա՞ր է, որքանո՞վ հետեւանք է արտաքին ճնշումներու (որոնք ո՛չ մէկ ատեն դադրած են, թէեւ եղած են քիչ թէ շատ իմաստուն մարդիկ, որ հնարքներ գտած են զանոնք մեղմելու կամ աւելի նպաստաւոր խուսանաւումներ կատարելու), թէ՝ նոյն իշխանաւորները ինչո՞ւ այսքան փութկոտ են ընդառաջելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իրերայաջորդ եւ անվերջանալի պահանջներուն, իսկ աւելի՛ փութկոտ՝ իրաւունք եւ իրաւատիրութիւն պաշտպանողները ճնշելու արշաւին մէջ:

 Թ. Յատուկ կալուած մը նկատուած է հայութեան հարցերուն լուծումը առաւելաբար դուրսէն սպասելու հոգեվիճակը, իշխանութեան տարածած քարոզչութեան դերն ու ազդեցութիւնը՝ այս ոլորտին մէջ, «մենք բան մըն ալ չենք կրնար ընել»ի (ան)տրամաբանութեան տարածումը զանգուածին մէջ, բայց մանաւանդ դրժումը եւ բթացումը այն գործիքներուն, որոնք հայութեան ձեռքին են դաշնակիցներու եւ բարեկամութիւն խաղացողներուն հետ յարաբերութեանց դաշտերուն մէջ: Այս խմբակը իբրեւ մեկնակէտ պիտի ունենայ այն, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ինչո՞ւ միայն սիրողական մօտեցումով եւ բացայայտ կրաւորականութեամբ կը մօտենայ միջազգային օրէնքներուն եւ անոնց ընձեռած կարելիութիւններուն: Ենթաբաժին մըն է հակառուսականութեան շեշտադրումն ու արեւմտամէտութեան խարազանումը, երբ Արեւմուտքի յառաջամարտիկը՝ նոյնինքն Թուրքիան է, իր Ատրպէյճան պոչիկով ու համաթուրանական երազներով:

 Ժ. Քաղաքական-դիւանագիտական-հողակորուստի եւ նմանօրինակ՝ վերոյիշեալ կալուածներուն կողքին, ենթայանձնախումբեր պիտի կազմուին «ներքին» վիճակներու խոր ուսումնասիրութեան եւ նկատուած նահանջներուն պատճառներուն ստուգման համար: Օրինակ, Հայաստանի տնտեսութեան իրական նահանջը՝ սղութիւն, առեւտուրի սահմանափակում, նոր ծրագիրներու բերելիք վնասներ, ջուրի եւ այլ կենսական բաներու տագնապներ, ազգային հաստատութիւններու դէմ բացայայտ արշաւներ (եկեղեցական հաստատութիւն, պետական համալսարան, հայագիտութեան կալուածներ եւ այլ), ընկերաբանական-ընկերային հարցեր (աղքատութեան ծաւալում, գիւղերու պարպումի նոր վտանգներ, նորարարութեան եւ արեւմտեան «չափանիշներու» յարմարելու պատճառաբանութեամբ դիմագիծի այլափոխում-այլասերում…): Եւ այս բոլորին մէջ՝ ժողովուրդին հանդուրժողութեան, խաբուելու կարողութեան սահմանները:

 ԺԱ. …

 – Է՛, կեցի՜ր,- ընդմիջեցի խօսակիցս: Արդէն տասնաբանեայ մը կազմեցիր: Չի՞ բաւեր. Մովսէս մարգարէն իսկ տասը պատուիրաններով բաւականացաւ:

 – Ի՜նչ տասնաբանեայ, ի՜նչ մարգարէներ: Ուսումնասիրուելիք ամէնէն մեծ մարգարէն պիտի ըլլայ վարչապետն ու անոր առաքեալները, որոնց ստեղծած՝ ուսումնասիրելի վիճակներն ու կալուածները այնքան շատ են ու ընդարձակ, որ կարծես թէ հետեւած են Դանիէլ Վարուժանի՝ «Սերմնացան»ին ուղղուած խնդրանքին. «Թող ձեռքիդ շարժումը անպարագիծ ըլլայ»: Վարուժանին նպատակը բարի էր, ասոնք ալ բարի նպատակով ճամբայ ելած են, սակայն գործնապէս կը կիրարկեն օտարներու՝ «Դժոխքի ճամբան բարի նպատակներով կը սալայատակուի» (The road to hell is paved with good intentions) տրամաբանութեան:

 – Այս մասնագէտներդ լուծում պիտի խոստանա՞ն, Իսկ Արցա՞խը…- հարցուցի՝ «եզրակացութեան մը հասնինք»ի ձայնարկութեամբ մը:

 – Դո՞ւն ալ սկսած ես յոյսդ դուրսերուն վրայ դնել կամ Արցախը Հայաստանէն անջատ շրջան տեսնել,- ըսաւ զայրոյթով:- Բարեկա՛մ, Եղիշէ Չարենցը, համայնավար ըլլալով հանդերձ, օր մը հասաւ անվիճելի եւ ազգասիրական ճշմարտութեան մը. փրկութիւնդ միասնական ուժիդ մէջ է՝ ըսաւ մարդը: Մեր հարցերուն լուծում ԿԸ ՍԿՍԻ այս ձախաւերներու, պարտութիւն բերածներու եւ նոր պատրութիւններու ճամբայ բացողներուն վայրկեան առաջ հեռացումով, որուն համար, անյետաձգելի է զանգուածներուն, իրարու պէս չմտածող զանգուածներուն մէկտեղումը՝ փրկարար եւ ամբողջական ծրագիրի մը շուրջ: Իսկ անկէ ետք, «Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ՛ հասնինք Սասուն»…

 – Ո՞վ պիտի ընէ ատիկա…

 – Ըսի, չէ՞: Ժողովո՛ւրդը: Անոնք՝ որ կը հաւատան մեր պատմութեան, մեր իրաւունքներուն արդարութեան եւ թշնամին դարձեալ նահանջի մատնելու մեր կարողութեան: Անո՛նք են իսկական մեծամասնութիւնը:

 – Ասոնք ցնորք ու երազ են՝ կ՛ըսեն զանգուածները առաջնորդող իշխանաւորները…

 – Բան չգիտցողներն ու բան ընելու անկարողները, իրաւունք հետապնդելու տրամադրութիւն չունեցողները, բնականաբար, այդպէս պիտի ըսեն: Կարեւորը՝ ժողովուրդին արթնացումն է, իրականութիւններուն իրազեկութիւնը, թարմացումը անոր յիշողութեան՝ թէ մօտիկ ու հեռաւոր անցեալներուն, «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Մենք իրաւունք չունինք որդեգրելու պարտեալներուն եւ հայրենաթողներուն տրամաբանութիւնը, որովհետեւ նախ՝ մեր ժողովուրդը չ՛ընդունիր եւ չի ներեր նման կեցուածք, յետոյ, նոյն այդ ժողովուրդը պատմութիւն կերտած է իր զարթօնքներով եւ յաղթանակներով: Ասիկա չտեսնելը՝ կը նշանակէ անհաղորդ ըլլալ ժողովուրդին, պատմութեան ու աշխարհագրութեան:

4 Օգոստոս 2022

ShareTweet
Asbarez Staff

Asbarez Staff

Next Post
Երբ Աբեղեանական Ուղղագրութիւնը Արագասոյր Կ՛արշաւէ Աստ Ու Անդ…

Երբ Աբեղեանական Ուղղագրութիւնը Արագասոյր Կ՛արշաւէ Աստ Ու Անդ…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Recommended

Ստեփանակերտէն Կը Հաստատեն, Որ Պաշտպանութեան Բանակէն Հրաժարելու Ծրագիր Չունին

Ստեփանակերտէն Կը Հաստատեն, Որ Պաշտպանութեան Բանակէն Հրաժարելու Ծրագիր Չունին

3 hours ago
Հաստատուեցաւ Ռուսիոյ Խաղաղապահներուն Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներուն Հետ Բալասանեանի՝ Բերձոր Այցելելու Լուրը

Հաստատուեցաւ Ռուսիոյ Խաղաղապահներուն Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներուն Հետ Բալասանեանի՝ Բերձոր Այցելելու Լուրը

3 hours ago

Connect with us

  • About
  • Advertising
  • Subscribe
  • Contact

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

No Result
View All Result
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Սիւնակներ
    • ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
    • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
    • ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
    • Սասունեանի Անկիւնը
    • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
    • ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

Accessibility

Accessibility modes

Epilepsy Safe Mode
Dampens color and removes blinks
This mode enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
Visually Impaired Mode
Improves website's visuals
This mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
Cognitive Disability Mode
Helps to focus on specific content
This mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
ADHD Friendly Mode
Reduces distractions and improve focus
This mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
Blindness Mode
Allows using the site with your screen-reader
This mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.

Online Dictionary

    Readable Experience

    Content Scaling
    Default
    Text Magnifier
    Readable Font
    Dyslexia Friendly
    Highlight Titles
    Highlight Links
    Font Sizing
    Default
    Line Height
    Default
    Letter Spacing
    Default
    Left Aligned
    Center Aligned
    Right Aligned

    Visually Pleasing Experience

    Dark Contrast
    Light Contrast
    Monochrome
    High Contrast
    High Saturation
    Low Saturation
    Adjust Text Colors
    Adjust Title Colors
    Adjust Background Colors

    Easy Orientation

    Mute Sounds
    Hide Images
    Virtual Keyboard
    Reading Guide
    Stop Animations
    Reading Mask
    Highlight Hover
    Highlight Focus
    Big Dark Cursor
    Big Light Cursor
    Navigation Keys

    Asbarez - Armenian Accessibility Statement

    Accessibility Statement

    • asbarez.am
    • August 10, 2022

    Compliance status

    We firmly believe that the internet should be available and accessible to anyone, and are committed to providing a website that is accessible to the widest possible audience, regardless of circumstance and ability.

    To fulfill this, we aim to adhere as strictly as possible to the World Wide Web Consortium’s (W3C) Web Content Accessibility Guidelines 2.1 (WCAG 2.1) at the AA level. These guidelines explain how to make web content accessible to people with a wide array of disabilities. Complying with those guidelines helps us ensure that the website is accessible to all people: blind people, people with motor impairments, visual impairment, cognitive disabilities, and more.

    This website utilizes various technologies that are meant to make it as accessible as possible at all times. We utilize an accessibility interface that allows persons with specific disabilities to adjust the website’s UI (user interface) and design it to their personal needs.

    Additionally, the website utilizes an AI-based application that runs in the background and optimizes its accessibility level constantly. This application remediates the website’s HTML, adapts Its functionality and behavior for screen-readers used by the blind users, and for keyboard functions used by individuals with motor impairments.

    If you’ve found a malfunction or have ideas for improvement, we’ll be happy to hear from you. You can reach out to the website’s operators by using the following email

    Screen-reader and keyboard navigation

    Our website implements the ARIA attributes (Accessible Rich Internet Applications) technique, alongside various different behavioral changes, to ensure blind users visiting with screen-readers are able to read, comprehend, and enjoy the website’s functions. As soon as a user with a screen-reader enters your site, they immediately receive a prompt to enter the Screen-Reader Profile so they can browse and operate your site effectively. Here’s how our website covers some of the most important screen-reader requirements, alongside console screenshots of code examples:

    1. Screen-reader optimization: we run a background process that learns the website’s components from top to bottom, to ensure ongoing compliance even when updating the website. In this process, we provide screen-readers with meaningful data using the ARIA set of attributes. For example, we provide accurate form labels; descriptions for actionable icons (social media icons, search icons, cart icons, etc.); validation guidance for form inputs; element roles such as buttons, menus, modal dialogues (popups), and others. Additionally, the background process scans all of the website’s images and provides an accurate and meaningful image-object-recognition-based description as an ALT (alternate text) tag for images that are not described. It will also extract texts that are embedded within the image, using an OCR (optical character recognition) technology. To turn on screen-reader adjustments at any time, users need only to press the Alt+1 keyboard combination. Screen-reader users also get automatic announcements to turn the Screen-reader mode on as soon as they enter the website.

      These adjustments are compatible with all popular screen readers, including JAWS and NVDA.

    2. Keyboard navigation optimization: The background process also adjusts the website’s HTML, and adds various behaviors using JavaScript code to make the website operable by the keyboard. This includes the ability to navigate the website using the Tab and Shift+Tab keys, operate dropdowns with the arrow keys, close them with Esc, trigger buttons and links using the Enter key, navigate between radio and checkbox elements using the arrow keys, and fill them in with the Spacebar or Enter key.Additionally, keyboard users will find quick-navigation and content-skip menus, available at any time by clicking Alt+1, or as the first elements of the site while navigating with the keyboard. The background process also handles triggered popups by moving the keyboard focus towards them as soon as they appear, and not allow the focus drift outside of it.

      Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Disability profiles supported in our website

    • Epilepsy Safe Mode: this profile enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
    • Visually Impaired Mode: this mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
    • Cognitive Disability Mode: this mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
    • ADHD Friendly Mode: this mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
    • Blindness Mode: this mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.
    • Keyboard Navigation Profile (Motor-Impaired): this profile enables motor-impaired persons to operate the website using the keyboard Tab, Shift+Tab, and the Enter keys. Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Additional UI, design, and readability adjustments

    1. Font adjustments – users, can increase and decrease its size, change its family (type), adjust the spacing, alignment, line height, and more.
    2. Color adjustments – users can select various color contrast profiles such as light, dark, inverted, and monochrome. Additionally, users can swap color schemes of titles, texts, and backgrounds, with over 7 different coloring options.
    3. Animations – epileptic users can stop all running animations with the click of a button. Animations controlled by the interface include videos, GIFs, and CSS flashing transitions.
    4. Content highlighting – users can choose to emphasize important elements such as links and titles. They can also choose to highlight focused or hovered elements only.
    5. Audio muting – users with hearing devices may experience headaches or other issues due to automatic audio playing. This option lets users mute the entire website instantly.
    6. Cognitive disorders – we utilize a search engine that is linked to Wikipedia and Wiktionary, allowing people with cognitive disorders to decipher meanings of phrases, initials, slang, and others.
    7. Additional functions – we provide users the option to change cursor color and size, use a printing mode, enable a virtual keyboard, and many other functions.

    Browser and assistive technology compatibility

    We aim to support the widest array of browsers and assistive technologies as possible, so our users can choose the best fitting tools for them, with as few limitations as possible. Therefore, we have worked very hard to be able to support all major systems that comprise over 95% of the user market share including Google Chrome, Mozilla Firefox, Apple Safari, Opera and Microsoft Edge, JAWS and NVDA (screen readers), both for Windows and for MAC users.

    Notes, comments, and feedback

    Despite our very best efforts to allow anybody to adjust the website to their needs, there may still be pages or sections that are not fully accessible, are in the process of becoming accessible, or are lacking an adequate technological solution to make them accessible. Still, we are continually improving our accessibility, adding, updating and improving its options and features, and developing and adopting new technologies. All this is meant to reach the optimal level of accessibility, following technological advancements. For any assistance, please reach out to