Սիրելի՛ ծնողներ եւ յատկապէս՝ մայրեր, բոլորս ալ մեր մեծերէն լսած ենք.
«Զաւակդ շատ կը սիրես, բայց անոր դաստիարակութիւնը աւելի պիտի սիրես»:
Իրականութեան մէջ այս հաստատումը շատ աւելի պարզ կը թուի, քան անոր իսկական գործադրութիւնը: Ամէն սխալ կամ յանցանք տեսնելը կրնայ աւերիչ դառնալ երեխային նկարագիրին կազմութեան համար, սակայն բոլոր թերութիւններն ալ մեղմացնելով անոնց «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» կլորութիւնը տալով, նաեւ կրնաք աւելի մեծ աւեր գործել երեխաներուն ապագային համար: Որոշ իրականութիւններ կան, որոնք անխուսափելի են: Երեխաները որոշ նկարագրային ամուր կազմուածքով կը ծնին, որուն մէջ ծիներու եւ սաղմնային օրերու ազդեցութիւնը բաւական մեծ բաժին կը կազմեն: Առհասարակ կարելի է սորվեցնել երեխային որոշ հնարաւորութիւններ՝ դիւրացնելու իր կեանքը եւ ընտանեկան կեանքը: Զաւակներու դաստիարակութեան հարցով անպայման բոլորս ալ կը զգանք կարգ-կանոնի անհրաժեշտութիւնը: Անոր հաստատումով կը հարթուին շատ մը հարցեր, որոնք անլուծելի կրնային թուիլ ձեզի: Անոր հաստատումը կը հանգստացնէ ու կը դիւրացնէ ընտանեկան հանգոյցներուն մեծ մասը: Առանց օրէնքի եւ կարգապահութեան մեծցած երեխան պատանեկան ու երիտասարդական տարիներուն մեծ տագնապներու կրնայ հանդիպիլ ընկերային իմաստով, եւ նոյնիսկ չափահաս տարիքին, այդ տագնապները իր հետ կը մեծնան ու կ’ուռճանան:
Կարգ ու կանոն չի նշանակեր պատիժ կամ բռնատիրութիւն. յիշեցէք սակայն, որ այն երեխաները, որոնք կը մեծնան առանց կարգ ու կանոնի, պատիժի պիտի ենթարկուին ընկերութեան կողմէ յառաջիկայ տարիներուն: Լաւ հաստատուած եւ իրագործուած կարգ ու կանոնով, ձեր երեխաները կը մեծնան ու կը դառնան ինքնավստահ եւ յաջող անձնաւորութիւններ: Անկարգութեան եւ անկանոնութեան մէջ մեծցած երեխաները… նոյնիսկ չենք ուզեր խօսիլ այդ մասին:
Պատիժով ու բռնութեամբ մեծցած երեխան սխալ չի գործեր ոչ թէ որովհետեւ գիտէ, որ սխալ է այդ մէկը, այլ պատիժի ու բռնութեան վախը յիշելով, սխալ չի գործեր: Այս երեխան ապագային ճիշդն ու սխալը զանազանելու կարելիութիւն պիտի չունենայ:
Արդեօք հա՞րց է ապագային ճիշդն ու սխալը չզանազանելը, թէ մանկութեան ձեզ հանրութեան մէջ խայտառակ չընելը: Երեք-չորս տարեկան երեխան ձեզ խայտառակ չի կրնար ընել իր մանկական անմեղունակ արարքներով, սակայն աննկարագիր ու անինքնավստահ երիտասարդը անպայման ձեզ կը տառապեցնէ իր կատարած սխալներուն համար:
Շատ եւ կատարեալ բաներ մի ակնկալէք ձեր զաւակներէն: Անոնց կարողութիւնը ճանչնալը ձեր մեծագոյն յաղթանակն է որպէս ծնողք: Իրենց նկարագիրը գիտցէք ու ըստ այնմ վարուելակերպը գտէք: Միշտ «Ո՛»չ ըսող ծնողքը տիսիփլին ունեցողը չէ, այլ խաղաղութեամբ եւ երեխան ուրախ պահելով դէպի իր գծած ուղին առաջնորդող ծնողքը իսկապէս կարգ ու կանոն հասկացողութիւնը ըմբռնած է:
Հոս նաեւ պէտք է յիշենք, թէ երեխան ազատ ալ պէտք է ձգէք, որ իր ունեցածները կարենայ արտայայտել: Ձեր երեխան չափահասի տեղ դնելով, ամէն ինչ բացատրելով քալեցէք անոր հետ: «Այս այսպէ՛ս է որովհետեւ ես ըսի», «Ինծի հետ չե՛ս խօսիր այդպէս, որովհետեւ ես քու հայրդ կամ մայրդ եմ», «Ինծի չե՛ս կրնար զարնել, որովհետեւ ես ծնողք եմ», այս արտայայտութիւնները բաւականին մաշած ու չափազանց տկար են տրամաբանութեան տէր մեր մանուկներուն համար: Եթէ կ’ուզենք ապագային արժանապատուութեան տէր զաւակ մը ունենալ՝ անոր արժանապատուութիւնր ու իքնասիրութիւնը ճզմելով չենք կրնար այդ մէկը պահանջել: Անտրամաբանական եւ անիմաստ հրահանգներ մի՛ արձակէք, այլ բոլորին տրամաբանական բացատրութիւնները տուէք ու ըստ այնմ իր կարծիքը առնելով ճիշդ գործադրութիւններ լսեցէք իրմէ իսկ եկած:
Կարգ ու կանոնի սահմանումն ու գործադրութիւնը չի նշանակեր պատժել. խօսքը չի վերաբերիր ֆիզիքական պարագաներու, այլ անկէ անդին՝ մտային եւ զգացական: Այս իմաստով խուսափինք մեր երեխաներուն ըսելէ. «Եթէ այսինչը չկատարես, ես քեզ պիտի չսիրեմ»: Այս պարագային զգացական եւ իմացական անիմաստ պատիժ մը կու տաք այդ անչափահաս մանուկին, որուն աշխարհը ամբողջութեամբ ծնողքին սիրովը պարուրուած է: Այս սէրէն զրկելու յայտարարութիւնը, նոյնիսկ եթէ չգործադրուի, չի դադրիր մեծ սպառնալիք դառնալէ: Անշուշտ բոլորէն առաջ պարագայական սիրոյ շահախնդրութիւն ստեղծեցիր երեխայիդ մօտ: Պատրաստ եղիր, որ ապագային ինք ալ պարագայաբար կրնայ սիրել քեզ (եթէ լաւ ինքնաշարժ մը առնես իրեն): Երեխաները կարիքը ունին պարզապէս հաստատուած եւ գործադրելի տիսիփլինի, եւ ծնողները միակ անձերն են, որոնք կրնան կարգ ու կանոն սորվեցնել իրենց երեխաներուն:
Ըստ մասնագէտներուն, կարելի չէ այս առաքելութիւնը թողնել մեծ մօր կամ մեծ հօր, ուսուցիչներուն, եկեղեցականներուն եւ կամ խնամատարներուն:
Կարգ ու կանոնը մասնագէտներու կողմէ կը նկատուի ծնողական կարեւորագոյն պարտականութիւններէն մէկը: Անշուշտ հոս պէտք է շեշտել նաեւ նոյնիքն ծնողքին կարգ ու կանոնի ենթարկուելու կարեւորութիւնը, որպէս կենդանի օրինակ երեխաներուն: Տարիներով տրուած քարոզը կը մնայ անդաստիարակիչ, եթէ անոր չմիանայ գործով տրուած կենդանի օրինակը:
Կարգ-կանոնը կը ներփակէ հսկողութիւն, հնազանդութիւն, օրէնքներու դրոյթ. այս բոլորը կրնան ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ կարգ-կանոնը նեղութիւն կամ ցաւ պատճառող կացութիւն է: Անոր հաստատաումը կարելի է նմանցնել երեխաներուն տրուած պատուաստներուն, որոնք կրնան թեթեւակի ցաւ պատճառել ներարկման պահուն, սակայն կը փրկեն հետագայի իսկական եւ լուրջ ախտերէ ու ցաւերէ:
Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ երեխան մեծնայ առանց կարգ-կանոնի.-
Երեխան պիտի դառնայ մանկամիտ չախահաս մը:
Պիտի ապրիք թշուառութեան մէջ, ապրելով դժուարահաճ եւ անզուսպ երեխայի մը հետ:
Երեխան պիտի կարծէ, թէ աշխարհը կը դառնայ իր շուրջը: Այս եսակեդրոնութիւնը ապագային պիտի հեռացնէ ընկերները, բարեկամները, ազգականները, կողակիցները եւ նոյնիսկ գործատէրերը:
Ամբողջ ձեր ժամանակը ստիպուած պիտի ըլլաք տրամադրելու ձեր երեխային, առանց ժամանակ մնալու ձեզի:
Մեծնալէն ետք երեխան սորված պիտի չըլլայ, թէ ինչպէս պէտք է վերաբերիլ մարդոց ու կացութիւններու հանդէպ, ինչպէս նաեւ պիտի չկարենայ ընդունիլ իր արարքներուն հետեւանքները. ուստի, շատ հաւանաբար պիտի ըլլայ թշուառ:
Ահաւասիկ ապտակը՝ շատ հաւանաբար իր թշուառութեան եւ ձախողութեանց համար ան պիտի մեղադրէ ձեզ:
Այսպիսով, ծնողք եւ զաւակ կը դառնան թշուառ: Անոնք փոխանակ իրարմէ հաճոյք ստանալու, զիրար կը չարչարեն եւ կեանքը կը դառնայ անհանդուրժելի:
Կարգ ու կանոնը ուսուցում է եւ ոչ պատժական ու բռնատիրական իրավիճակ: Երբ պոռալով մեր կարծիքը կ’ուզենք պարտադրել մեր զաւակներուն, անիկա կարգ ու կանոնի եւ չպոռալու ուսուցումը չի կրնար ըլլալ, այլ ընդհակառակը՝ պոռալով հարցեր լուծելու վարժութիւնը կը ստեղծէ մեր երեխային մօտ:
Կարգ ու կանոնի իրագործման համար նկատի ունենալ հետեւեալ գլխաւոր կէտերը.-
Կարգ ու կանոնը պարտադիր դարձնել: Ընդունիլ զայն որպէս կեանքի մէկ արժանիքը՝ հրամայական մը, որ կրնայ մեծ դեր ունենալ ընտանիքին ուրախութեան եւ յաջողութեան մէջ:
Ակնկալութիւնները յստակացնել: Մարդկային յարաբերութեան կարեւոր մէկ երեսն է գիտնալ համաձայնիլ տարակարծութիւններու գոյութեան:
Ընդարձակել ազդեցութիւններու օղակը: Մի՛ մոռնաք այս բոլորը բացայայտելու նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կրնան կապ եւ ազդեցութիւն ունենալ երեխաներուն վրայ, ինչպիսիք են մեծ հայր, մեծ մայր, ազգականներ, ինչու չէ, նաեւ երբեմն՝ դրացիներ:
Եղէք ճշգրիտ եւ որոշակի՝ ձեր թելադրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մէջ:
Անհամաձայնութեան, անհնազանդութեան եւ կարգ ու կանոնի խախտման պարագային դրական, բայց ազդեցիկ կեցուածք որդեգրեցէք:
Զրուցեցէ՛ք ձեր երեխաներուն հետ: Ընտանեկան հանդիպումի մը ընթացքին ձեր երեխաներուն բացատրեցէք կարգ ու կանոնի կարեւորութիւնը, իմաստն ու նշանակութիւնը եւ բարեբեր հետեւանքները: Մի՛ մոռնաք նաեւ լսելու զիրենք եւ նկատի առնելու իրենց մտահոգութիւններն ու կարծիքները:
Սիրելով լուծեցէք ձեր հարցերը ու խրատեցէք ձեր մանուկները այդ համոզումով: Սիրով կարգ ու կանոնը հաստատեցէք: Ձեր երեխաները սիրելով թող գործադրեն այդ օրէնքները: Սէրը կրնայ լուծել ամէն դժուարութիւն ու տառապանք: Թող ձեր մանուկն ալ սիրով լուծէ իր բոլոր հարցերը:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Ներել ստացած հայհոյանք մը, կը նշանակէ սեփական ձեռքով բուժել սրտիդ վէրքը:
Ս. Վենսան Տը Փօլ
Սրտի մը մեծութիւնը վտանգի կամ դժուարութեան պարագային յայտնի կ’ընէ:
Ռասին
Դիւանագէտները յայտնի կ’ընեն ամէն ինչ, բացի իրենց յուզումէն:
Շարլ Տը Կոլ
«Ո՛»չը պզտիկ բառ մըն է, սակայն քիչեր ունին զայն ըսելու համարձակութիւնը:
Աննիբալ
Սիրազուրկ տուն մը տուն կրնայ համարուիլ միայն այնքան, որքան հոգեզուրկ մարդ մը:
Գործք Առաքելոց