Մերսինէն ճամբայ կ’ելլենք դէպի Իսկէնտէրուն: Կ’անցնինք Փայաս նաւահանգիստէն: Մեր առաջանորդը՝ Աւօ Չափարեան, կ’ըսէ, թէ իրաքեան պատերազմին սկզբնաւորութեան, ամերիկեան զօրքերը Փայասի ճամբուն ճիշդ այս կէտին վրայ էջք կատարեցին, բայց Թուրքիոյ խորհրդարանը արգիլեց անոնց տեղակայումը իր երկրին մէջ, պատճառաբանելով, որ խորհրդարանէն հրաման չէին առած:
Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակ եւ անկէ վերջ ալ, Միջերկրական ծովուն վրայ Այաս եւ Փայաս նշանաւոր նաւահանգիստներ էին, բայց 1960ական թուականներուն, երբ Մերսին սկսաւ զարգանալ, այս նաւահանգիստները ետ մնացին:
Ամանոսեան լեռներէն անցնելով, հասանք Իսկէնտէրուն՝ երկայն ծովեզերքով գեղեցիկ նաւահանգիստը: Իսկէնտէրուն Ատանայէն 130 քմ. հարաւ-արեւելք կը գտնուի, հիմնուած է Մեծն Ալեքսանդրի կողմէ (333 Ք.Ա.): Իսկէնտէրուն բառը թարգմանութիւն է Ալեքսանտրէթ անունին: Մերսինէն առաջ Իսկէնտէրուն ամէնէն նշանաւոր նաւահանգիստն էր այս շրջանին:
1918ին անգլիացիները գրաւեցին Ալեքսանտրէթը, 1919ին ֆրանսացիներուն փոխանցեցին, եւ այդպիսով Ֆրանսա Սուրիոյ հովանաւորութեան (mandat) տակ մտաւ մինչեւ 1939ը:
Քէմալ Աթաթուրք՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրը եւ առջին նախագահը, խորհելով, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին Իսկէնտէրուն նաւահանգիստը կրնայ ռազմական նշանակութիւն ունենալ, ճիգ կը թափէ ֆրանսացիներէն առնել զայն եւ իր սահմաններուն մէջ մտցնել իբրեւ թրքական գաւառ (սանճաք): Իսկ ֆրանսացիները, ապահովելու համար Թուրքիոյ աջակցութիւնը Բ. համաշխարհային պատերազմին Գերմանիոյ դէմ, Թուրքիոյ յանձնեցին ոչ միայն Իսկէնտէրունը, այլ նաեւ Անտիոքը, Մուսա լեռը, Քեսապի բերրի հողերուն մէկ մասը, Քըրըքխանը, Պէյլանը եւ այլ գիւղեր:
Ներկայիս Իսկէնտէրունի բնակչութեան թիւն է մօտաւորապէս 160,000, որոնց մէջ հայերը կը կազմեն ընդամէնը 100 հոգի: 1939ին, Իսկէնտէրուն ունէր 30,000 հայ բնակիչ:
Իսկէնտէրունի հայերը ունին իրենց եկեղեցին՝ Ս. Քառասնից Մանկանց, որուն հոգաբարձութեան ազնիւ ատենապետը՝ Կարպիս Քիսատուրեան, սիրով բացաւ եկեղեցւոյ դուռը, ներս մտանք, մոմ վառեցինք եւ ծունկ մը աղօթք ըրինք: Եկեղեցին կառուցուած է 1872ին:
Բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ ճաշելէ ետք, Իսկէնտէրունի պանդոկներէն մէկուն մէջ գիշերեցինք:
Յաջորդ օր, աւելի հարաւ քշելով կը հասնինք Պէյլան: Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անիի անկումէն ետք (1045) հայ ընտանիքներ եկած եւ բնակած են հոս եւ ունին իրենց յատուկ բարբառը:
Պէյլանի բնակչութեան թիւը ներկայիս շուրջ 16,000 է: Հայոց առաքելական եկեղեցին իր երեք խորաններով, զանգակատունով եւ բակին մէջ դարաւոր ծառով տակաւին կանգուն կը մնայ: Տեսանք հայկական տուներ՝ ներկուած կապտագոյն-կանաչ երանգով, նաեւ որթատունկի թուփեր անոնց կողքին:
Պէյլանէն ետք, աւելի հարաւ քշելով, կը հասնինք Անտիոք (Անթաքիա) պատմական քաղաքը: Որոնդէս գետը կ’ոռոգէ Անտիոքի լայնատարած դաշտերը: Կան բազմաթիւ ձիթենիի ծառեր: Մինչեւ 1939ը, իբրեւ Սուրիոյ մէկ մասը, արաբական լեզուն եւ մշակոյթը կը տիրապետէին հոս: Հիմա ալ, բազմաթիւ արաբներ (մեծամասնութիւնը ալաուի), կ’ապրին հոս եւ մենք արաբերէն հաղորդակցուեցանք իրենց հետ:
Անտիոք քաղաքը հիմնուած է Սելեւկեաններու Նիկատոր Ա.ի կողմէ (301 Ք.Ա.) եւ իր հօր՝ Անտիոքոսի անունով այն կոչուած է Անտիոք: Ք.Ա. 3-1 դարերուն Անտիոք կը դառնայ հելլենիստական մշակոյթին խոշորագոյն կեդրոններէն մէկը:
Հայոց արքայից արքայ Մեծն Տիգրան Անտիոքը դարձուց հայոց կայսրութեան հարաւային մայրաքաղաքը (83-69 Ք.Ա.): Անտիոքի մէջ Մեծն Տիգրանի անունով եւ պատկերով արծաթէ դրամներ գտնուեր են, յունարէն գիրերով, թէեւ հայ ժողովուրդը հայախօս էր այդ օրերուն:
Պետրոս Առաքեալ Անտիոքի քարայրներուն մէջ քարոզած է: Նաեւ, Քրիստոսի աշակերտները առաջին անգամ քրիստոնեայ կոչուած են հոս (Գործք Առաքելոց, 11:26): Պօղոս առաքեալ եւ Բառնաբաս տարի մը ամբողջ Անտիոքի մէջ քարոզած են:
Հռոմէական եւ Բիւզանդական կայսրութիւններէն ետք, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակ, հայերը սելճուքներէն ազատուելու յոյսով խաչակիրներուն կ’օգնեն: Խաչակիրները Կիլիկիա մտան 1097ին, գրաւեցին Եդեսիան (Ուրֆա) եւ Անտիոքը եւ տիրապետեցին մինչեւ 1268ը, որմէ ետք Անտիոք անցաւ Եգիպտոսի մէմլուքներուն ձեռքը, իսկ 1516ին օսմանեան թուրքերուն տիրապետութեան տակ:
Անցեալի համբաւաւոր Անտիոքը ներկայիս փոշեպատ փողոցներով սովորական քաղաք մըն է, սակայն Անտիոքի թանգարանը Թուրքիոյ լաւագոյն թանգարաններէն մէկն է, կ’ըսեն:
Մեր խումբէն տիկ. Արփինէ Ֆիլեան-Մարտիրոսեան, որ ծնած է Պիթիաս, Սուետիա, եւ մանկութիւնը անցուցած է հոն մինչեւ 1939ը, վարձու ինքնաշարժով, քանի մը ուխտաւորներու հետ Պիթիաս մեկնեցաւ իր հօրենական տունը տեսնելու: Կրնաք երեւակայել իր յուզումը, երբ գտնուեցաւ դառն իրականութեան դէմ յանդիման. իրենց երկյարկանի գեղեցիկ տունը, բակը շատրուանով եւ իր հօր տնկած պտղատու ծառերով, այսօր թուրք մը նստած առօք-փառօք կը վայելէ:
Անտիոքէն 20քմ. հարաւ, Ամանոսեան լեռնաշղթային մաս կազմող Մուսա լերան շուրջ գտնուող նախկին գիւղերը կը հասնինք: Անոնք թաղուած են կանաչութիւններու մէջ, միայն թուրքերով բնակեցուած գիւղերուն ճերմակ մինարէթները կ’երեւին: 1915ին Քապուսիէ, Վագըֆ, Խտըրպէկ, Եօղուն Օլուք, Հաճի Հապիպլի եւ Պիթիաս 6000 բնակչութիւն ունէին եւ երկրագործութեամբ, շերամապահութեամբ ու մեղուաբուծութեամբ կը զբաղէին: Անոնք ունէին իրենց եկեղեցիները եւ դպրոցները:
13 Յուլիս 1915ին, սուետիացիներուն ազդարարուեցաւ ութ օրէն պատրաստ ըլլալ տեղահանութեան: Շուրջ 1000 հոգի գաղթի ճամբան բռնեց եւ աքսորի արահետներուն մէջ նահատակուեցաւ: 5000 հոգի Մուսա լեռ բարձրացաւ եւ քաջաբար ետ մղեց թշնամիին բանակները: Նաեւ, ծովեզերեայ բլուրի մը վրայ, երկու մայրի ծառերուն միջեւ, երկու դրօշակ պարզեցին: Մէկուն վրայ, կարմիր թելերով կարմիր խաչեր հիւսեցին եւ միւս սպիտակ կտաւին վրայ անգլերէն գրեցին՝ «Christian in Distress: Rescue» («Քրիստոնեաները վտանգի մէջ են: Օգնութեան հասէք»): Սեպտեմբերի 5, 1915ին, «Կիշէն» ռազմական նաւը երեւցաւ եւ ֆրանսական կառավարութիւնը «Ժան տ’Արք» նաւով զիրենք Փոր Սայիտ, Եգիպտոս փոխադրեց: Ապստամբները լեռ բարձրանալէն 53 օր ետք Փոր Սայիտ հասան:
Ներկայիս, 6 գիւղերէն միայն Վագըֆ գիւղը զուտ հայաբնակ մնացած է, ուր կ’ապրին 25 հայ ընտանիքներ: Անշուշտ, այս գիւղին հայաբնակ ըլլալն ալ Թուրքիա իր քարոզչութեան համար կը գործածէ:
Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին հասնելով, եկեղեցւոյ պատուարժան հոգաբարձուները մեզ կը դիմաւորեն: Եկեղեցւոյ բակին մէջ, քանի մը ժամ թաղականներուն հետ հետաքրքրական զրոյց կ’ունենանք, միեւնոյն ատեն հիւրասիրուելով տեղական պտուղներով եւ այլ ուտեստեղէններով:
Եկեղեցւոյ բակին դիմաց, երկյարկանի տուն մը կ’երեւի, շրջապատուած պտղատու ծառերով եւ արեւածաղկի թուփերով: Երկրորդ յարկի երկայն պատշգամին վրայ, մայրիկ մը նստած քրոշէ ասեղնագործ կ’ընէ:
Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1910ին կառուցուած է եւ ապա 1997ին, Շնորհք պատրիարք Գալուստեանի օրով, վերանորոգուած: Կարմիր կղմինտրներով եւ զանգակատունով կոկիկ եկեղեցի մըն է: Եկեղեցիի բարձունքին, քիչ մը վար, գիւղին գերեզմանոցն է: Քար մը կը վերցնեմ ընկերուհիիս՝ Սօնա Զէյթլեանին տանելու համար:
Երկիւղածութեամբ ներս կը մտնեմ եկեղեցիէն եւ անմիջապէս ուշադրութիւնս կը գրաւէ խորանի ճակատին գրութիւնը՝ «Որ Զինչ Ասիցէ, Արասցիք» (Յովհ. Բ. 5): «Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ ըրէք»: Կարճ ու կտրուկ: Յիսուս Կանա քաղաքին մէջ, հարսանիքի մը խրախճանքի պահուն, ջուրը գինիի չփոխած, իր մայրը՝ Մարիամ սպասաւորներուն կ’ըսէ, որ Յիսուս ինչ որ ըսէ, անմիջապէս ըրէք: Ես մեկնաբանեցի, Թուրքիոյ մէջ շատ հարցումներ հարցնելը վտագաւոր է…:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձուները կ’ըսեն, թէ գիւղին երիտասարդները բարձրագոյն ուսում ստանալու համար Պոլիս եւ ուրիշ երկիրներ մեկնած են, միայն մերթ ընդ մերթ այցելութեան կու գան, իսկ մանկապարտէզի ու նախակրթարանի տարիք ունեցող 15 երեխաներ Սամանտաղի (Մուսա լեռ) թրքական դպրոցը կը յաճախեն…:
Վագըֆ գիւղին մէջ աւանդութիւն դարձած է ամէն տարի, Օգոստոս ամսուն, Ս. Աստուածածնայ տօնին առթով, տօնել նաեւ Մուսա լերան հերոսամարտի օրը: 200 եւ աւելի համագիւղացիներ եւ բարեկամներ, հեռաւոր երկիրներէ կու գան, հերիսա կ’եփեն, մատաղ կը բաժնեն եւ տաւուլ-զուռնայով մանուկներէն մինչեւ մամիկ-պապիկները ձեռք-ձեռքի բռնած շուրջպար կը պարեն, իրենց բարբառով կ’երգեն:
Երբ Վագըֆ գիւղը ձգեցինք եւ լեռներու վրայէն ուղղուեցանք Սիս երթալու, հեռուէն երեւցան Կասիոս եւ Սըլտըրան լեռները եւ անոնց միջեւ Քեսապի Գալատուրան գիւղին ծովու թաղի տուները, որ կ’երկարի մինչեւ Միջերկրական ծով: Քեսապ- Մուսա տաղէն 40 քմ. միայն հարաւ- իմ ծննդավայրիս այսքան մօտ եւ այսքան հեռու…:
Քեսապ եւ իր շրջակայ գիւղերը, Թուրքիոյ ամէնէն հարաւը գտնուելով, 1919ին, բարեբախտաբար, Սուրիոյ սահմաններուն մէջ մնացին եւ մեր հայրերը աքսորէն վերադարձին, վերաշինեցին իրենց հրկիզուած տուները եւ հոն բնակեցան մինչեւ այսօր: Տակաւին Գալատուրան եւ Էքիզ Օլուք (ծննդավայրս) զուտ հայաբնակ գիւղեր են:
Վագըֆէն հիւսիս, մայրուղիի ճամբով կը հասնինք Քըրըքխան: Կ’այցելենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական մեծ եկեղեցին, որու բարձր պատերը եւ խորանը տակաւին կանգուն կը մնան, սակայն տանիքը փլած է եւ կարմիր կղմինտրները կտոր-կտոր՝ քըրըք-քըրըք՝ թրքերէնով, եկեղեցւոյ յատակին թափուած:
Քըրըքխան Սուրիոյ սահմանին մօտ, 1914ին, ունէր 121 տուն հայ բնակիչ: 2004ին Քըրըքխանի վերջին հայ բնակիչն ալ մեռաւ: Երբ վայր մը հայ չապրի, հայ եկեղեցին կ’անցնի քաղաքապետութեան ձեռքը:
Եկեղեցւոյ խորանին ետեւի ճամբուն վրայ փուռ մը կար, իսկ աջ կողմը կարծես ինքնաշարժ լուալու տեղ եղած է…: Մեր սիրտն ալ քըրըք-քըրըք եղած կ’երթանք Սիս:
(Շարունակելի)